ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, հայ համայնքի անդամները պիտի մասնակցին Փասատինայի հրէական սինակոկին մէջ (1434 North Altadena Drive) կայանալիք հրէական ողջակիզման ոգեկոչման ձեռնարկին, որուն ընթացքին նշում պիտի ըլլայ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն յատուկ աշխատանք կը տանի քաղաքի հրէական համայնքին հետ կապերը սերտացնելու նպատակով:
Յատկանշական է, որ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին հեղինակ Էտըմ Շիֆը, Կիրակի օրուան ոգեկոչման ձեռնարկի գլլխաւոր բանախօսն է:
Մարդկութեան դէմ ոճիրներու յիշատակին տեղի ունենալիք մոմավառութեան արարողութեան պիտի մասնակցի նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Խորէն քհնյ. Պապոշեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.