Քիմ Քարտաշեան Հպարտ Է Որ Հայ Է
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- «Արմինիըն Փալս»ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, Հոլիվուտի իւրօրինակ աստղ դարձած Քիմ Քարտաշեան յայտարարած է, որ ինք հպարտ է իր ազգային ծագումով: Յայտնի իրաւաբան Ռապըրթ Քարտաշեանի եւ անգլիացի մօր զաւակ Քիմ Քարտաշեանը յայտնած է, թէ հակառակ անոր, որ Լոս Անճելըս ծնած ու մեծցած է, ինք հպարտ է իր հայկական արմատներով: «Ես չորրորդ սերունդին պատկանող ամերիկահայ եմ», ըսած է Քիմ՝ աւելցնելով. «Իմ հօրս մեծ հայրն ու մեծ մայրը Հայաստանէն եկած են Ցեղասպանութենէն քիչ առաջ: Մայրս անգլիացի է, հետեւաբար ես կէս հայ եմ, սակայն ես հասակ նետած եմ՝ հայկական մեծ ազդեցութիւն կրելով, միշտ Հայաստանի մասին պատմութիւններ լսելով, հայկական ճաշեր ուտելով ու հայկական տօները նշելով», ըսած է Քարտաշեան «Արմինիըն Փալս»ի թղթակից Յարութ Գալանճեանին: Քարտաշեանը տեղեակ պահուած է, որ Հայաստանի մէջ մեծ է թիւը իրեն հանդէպ հիացում ունեցողներուն: «Ատիկա շատ կ՛ուրախացնէ զիս: Հայրս հպարտ պիտի զգայ, որ մենք մեր հայկական ծագման մասին կը խօսինք: Ան մեզ միշտ կ՛ըսէր, որ երբեք մեր մականունէն «եան»ը չվերցնենք, ինչպէս կ՛ընեն Ամերիկա եկած այլ հայեր», նշած է Քարտաշեան: «Հայրս շատ հպարտ էր իր հայ ըլլալուն եւ իր մեծագոյն ափսոսանքն էր, որ մեզ հայկական դպրոց չէ ուղարկած», ըսած է Քարտաշեան, որ հայերէն լեզու չի գիտեր, ինչին համար ալ ցաւ յայտնած է Գալանճեանին: Ան Հայաստան չէ գտնուած երբեք, թէեւ կ՛երազէ օր մը երթալ այնտեղ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
but I do not proud that Kim Kardashian was Armenian, as it dishonors their immoral behavior of the Armenian nation. The Armenian diaspora has to declare a boycott of her