«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը հաղորդէ, թէ Շաբաթ, Ապրիլ 3ին, կ.ե. ժամը 4:30ի մօտերը, առնուազն մէկ զինեալ մուտք գործած է Հիւսիսային Հոլիվուտի մէջ գտնուող «Hot Spot» ճաշարանը՝ սպաննելով չորս հայեր եւ վիրաւորելով երկու ուրիշներ: Ճաշարանին սեփականատէր Արթուր Պալեան տեղեկացուցած է, թէ 30-40 հոգի հոգեճաշի մը համար կը գտնուէին ճաշարանէն ներս, իսկ միջադէպը տեղի ունեցած է անոնց մեծ մասին մեկնումէն ետք:

Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, զոհերն են՝ 26ամեայ Սարգիս Քարաճեան, 25ամեայ Հայկ Եկնանեան, 28ամեայ Յարութ Բաբուրեան եւ Վարդան Թոֆալեան:
Ըստ ականատեսներու, գլխաւոր կասկածելին սպիտակամորթ եւ հաւանաբար հայկական ծագում ունեցող տղամարդ մըն է՝ 30 տարեկանի շուրջ: Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը խնդրէ այս ոճիրին մասին տեղեկութիւն ունեցողներէն կապ հաստատել ոստիկանութեան Հիւսիսային Հոլիվուտի բաժանմունքին հետ՝ (818) 623-4016 թիւով:
Ոստիկանութեան բանբերը շեշտած է, թէ տեղի ունեցածը կանխամտածուած ոճիր մը կը թուի ըլլալ: