ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մարդահամարի հարցաթերթիկները ամբողջացնելու ժամկէտը կը մօտենայ: Բնակչութեան իրական պատկերը ունենալու պետական նախանձախնդրութիւնը նկատի ունենալով՝ հաւանաբար հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, որպէսզի ուշացած պատասխանները եւս հաշուի առնուին ու արձանագրուին:
Պետութեան համար խիստ կարեւոր այս ձեռնարկով շահագրգռուած է նաեւ ամերիկահայ համայնքը, որ այս երկրին մէջ իր ազգային պատկանելութեան բերումով, որոշ հարցեր լուծելու, որոշ իրաւունքներ պաշտպանելու խնդիր ունի:
Այս մեկնակէտէն կարեւոր կը նկատենք անգամ մը եւս յիշեցնել, որ մարդահամարի հարցաթերթիկը ամբողջացնելու ընթացքին զգոյշ ըլլաք, չշուարիք, ու ճիշդ ձեւով արձանագրէք պատասխանը:
Շփոթի տեղիք կրնայ տալ իններորդ հարցումը: Այս հարցումին հաւանական պատասխաններէն առաջինը կը նշէ Սպիտակամորթ բնութագրումը՝ «Ուայթ»: Շատեր, որոնք գիտեն, թէ այս հարցումին ներքեւ պէտք է արձանագրեն իրենց հայ ազգի պատկանելիութիւնը, տակաւին կը շփոթին ու առաջին քառակուսիին վրայ խաչ կը դնեն՝ ապա երթալով ներքեւի քառակուսին, որուն կողքին գրուած է «մէկ այլ ցեղ» («Սամ ատըր րէյս») բնութագրումը, եւ այդտեղ կ՛արձանագրեն իրենց հայ ըլլալը:
Այս ձեւով, երկու քառակուսիներուն վրայ խաչ դրած կ՛ըլլաք, ինչ որ կրնայ ձեր հայ ըլլալու նշումը ջնջել եւ կամ չընդունիլ:
Այս հարցումին պատասխանելու համար, պէտք է խաչ դնէք միայն մէկ քառակուսիին՝ «Սամ ատըր րէյս»ին վրայ, այլ ոչ թէ՝ «ուայթ»ին:
Կը խնդրենք, որ ուշադիր ըլլաք ու անտեղիօրէն թիւրիմացութիւն պատճառող պատասխանէ խուսափիք: