Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համերպըրկ, Եւրոխորհուրդի համացանցային պաշտօնական կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ գրած է, որ պատմութեան միակողմանի մեկնաբանութիւնները կամ խեղաթիւրումները կ՛առաջնորդեն փոքրամասնութիւններու հանդէպ խտրականութեան, այլամերժութեան կամ հակամարտութիւններու վերականգնման։
Ըստ անոր, պատմութեան խոր ուսումնասիրութիւնը կը նպաստէ մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման, հանդուրժողականութեան եւ վստահութեան հաստատման, սակայն որոշ պատմական իրողութիւններ մինչեւ օրս կ՛ուրացուին կամ կը նսեմացուին՝ նոր լարուածութեանց պատճառ դառնալով:
Համերպըրկի համոզումով, անցեալի ոճրագործութիւնները պէտք է ճանչցուին, որպէսզի անոնցմէ դասեր քաղուին։ Ան վտանգաւոր կը նկատէ քաղաքական նպատակներով անոնց շահագործումը, «որ կրնայ թունաւորել նոյնիսկ այդ ոճիրէն ետք ծնած մարդոց յարաբերութիւնները»։
«Մինչեւ այսօր վէճերու առիթ կու տան 1915ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բռնի տեղահանութեան եւ անոր հետ կապուած մարդկային զոհերու ու անմիջական սպանութիւններու նկարագրութիւնները։ Թէեւ ատիկա տեղի ունեցած է Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծումէն առաջ, սակայն այդ յանցագործութիւնները քննարկելու ցանկութեան բացակայութիւնը ակնյայտ է։ Այն լրագրողները, որոնք կը բարձրացնեն այդ հարցը, կը կանգնին դատարանի առջեւ։ Վերջերս այս փաստերը ճանչնալու ուղղուած առաջին քայլերը կը կատարուին գիտական բանավէճերու շրջանակներու մէջ, սակայն կը պահանջուի աւելին ընել», գրած է Թոմաս Համերպըրկ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.