ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 25ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտնած է, թէ մինչեւ Ապրիլ 24 նոր երկիրներ եւս պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կապուած է նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման հարցով՝ Թուրքիոյ դիրքորոշումէն:
Ըստ Դեմոյեանի, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման քննարկման առարկայ կը դառնայ եւ կը ճանչցուի երկրի մը կողմէ, նախ եւ առաջ այդ ճանաչումը պէտք է բխի այդ երկրի պատմութեան եւ յիշողութեան հրամայականէն: «Հայոց Ցեղասպանութեան թեման բազմաթիւ երկրների պատմութեան ու յիշողութեան մասն է կազմում», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ամերիկացիներ, շուէտցիներ կամ ֆրանսացիներ ականատես եղած են այդ դէպքերուն, իսկ կարգ մը շուէտցի կին միսիոներներ՝ ականատես ըլլալով այդ կոտորածներուն՝ նոյնիսկ խելագարուած են:
Թանգարանի տնօրէնը նաեւ յայտնած է, թէ տարբեր երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը արդիւնք է նշեալ երկրի քաղաքական դրդապատճառներու եւ ո՛չ թէ հայերու ցանկութեան կամ հայկական լոպպինկի տարած գործունէութեան:
«Գոյութիւն ունի համաշխարհային քաղաքականութիւն, որտեղ, ցաւօք սրտի, ոչ միայն մեր հարցը, այլ բազմաթիւ հարցեր դառնում են կոնկրետ խնդիրներ լուծելու միջոց: Ես համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութեան ձեւակերպումը չպէտք է դառնայ քաղաքական մանիպուլիացիաների առարկայ», ըսած է պատմաբան բանախօսը։
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին ընդառաջ, Գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի, պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական յուշարձանները ուսումնասիրող կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, Ապրիլ 19-20 Երեւանի մէջ կը նախատեսուի միջազգային գիտաժողովի մը իրականացումը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, մասնաւորապէս՝ մշակութային ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներուն:
Գիտաժողովին նպատակն է յստակ գնահատականներ տալ Օսմանեան կայսրութենէն ներս իրականացուած եւ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ շարունակուող հայկական մշակութային ժառանգութեան համատարած ոչնչացման քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ անոր գաղափարական, քաղաքական ու մշակութաբանական հիմնաւորումներուն եւ հետեւանքներուն:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին մասնագէտներ Հայաստանէն, ԱՄՆէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Հունգարիայէն, Գերմանիայէն եւ Հոլանտայէն:
Ապրիլ 23ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ պիտի բացուի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մամուլի առաջին էջերին» խորագրով ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին թանգարանին կողմէ ձեռք բերուած օտար լեզուով բացառիկ, հնատիպ ու ժամանակակից պարբերականներ, որոնց առաջին էջերուն վրայ անդրադարձ եղած է Ցեղասպանութեան թեմային:
Թանգարանի այլ ցուցասրահներէն մէկուն մէջ պիտի ներկայացուին արժէքաւոր փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլ վաւերագիրներ:
Նշենք, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ծրագրած է սահմանել Ռաֆայէլ Լեմքինի անունով կրթաթոշակ, որուն շնորհիւ արտասահմանեան ուսանողներու հնարաւորութիւն պիտի տրուի մէկ ամիս Հայաստանի գիտական հաստատութիւններ եւ գրադարաններ այցելելով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեամբ մասնագիտանալու:
Նոյն ծիրէն ներս, թանգարան-հիմնարկը նաեւ պիտի հրատարակէ շուրջ արժէքաւոր տասը մենագրութիւններ՝ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.