ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Մարտ 5ի երեկոյեան, Միջինքի առթիւ եկեղեցկան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Արարողութեան կը մասնակցէին Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Լա Վըրնի եկեղեցւոյ հովիւը եւ առաջնորդարանի երգչախումբի ղեկավար Նարեկ քհնյ. Մաթարեան: Ներկայ էին եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ամբողջ կազմը, սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ դպիրներու, դպրաց դասի եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը: Արարողութեանց աւարտին տեղի ունեցաւ նորընտրեալ Ծխական խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն ուխտառութեան արարողութիւնը:
Ապա, ներկաները Տիկնանց միութեան կողմէ հիւրասիրուեցան «Տիւլկէրեան» սրահին մէջ:
Յետ ընթրիքի, տեղի ունեցաւ Ծխական խորհուրդի ժողովը առաջնորդին նախագահութեամբ:
(Քաղուած Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թղթակցութենէն)