ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Մարտ 21ի յետմիջօրէին, ժամը 4էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի հայ երգի մրցումի նախազտման հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր սեռի պատկանող 35 անձեր, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 16-30ի միջեւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի այս նախաձեռնութիւնը կը միտի լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ գնահատել հայ հարազատ երգն ու երաժշտութիւնը։
Հայ երգի մրցանքի դատական կազմի անդամներն են Կոմիտաս արք. Օհանեան, Յարութիւն Ֆազլեան, Նորա Սալմանեան, Զիատ Պութրոս եւ Մակար վրդ. Աշգարեան։
Մրցումին մասնակիցները նախ երգեցին դատական կազմին կողմէ ճշդուած վեց երգերէն՝ «Կիլիկիա», «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Բարի արագիլ», «Դաժան կռւում», «Այնպէս անփոյթ» եւ «Ծիծեռնակ» երգերէն մէկը, ապա՝ իրենց կողմէ ընտրուած ազատ երգ մը։
Նշենք, որ հայ երգի մրցումը մաս կը կազմէ հայ լեզուի ու գրականութեան, նաեւ հայոց պատմութեան ու կրօնքի զոյգ մրցումներուն, որոնք արդէն տեղի ունեցան նախորդ շաբաթներուն։ Այս մրցումներէն ընտրուած 15 անձերը պիտի ստանան նիւթական եւ բարոյական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ անոնց անուններու յայտարարութեան յատուկ հանդիսութիւն պիտի կատարուի յառաջիկային։