ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Մարտ 23ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Global Christian Forum-ի ընդհ. քարտուղար տոքթ. Հիւպըրթ Վան Պիքը: Հանդիպման ներկայ էին Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան եւ տոքթ. Ֆատի Հաշեմ՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի «Հաւատք եւ միութիւն» բաժանմունքի տնօրէնը:
Հիւպըրթ Վան Պիքի այցելութեան գլխաւոր նպատակը հայրապետին տեսակէտը ունենալ էր ընհանրապէս Global Christian Forum-ի հետ առնչուած նիւթերուն, եւ յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն հետ գործակցութիւն յառաջացնելու հարցին մասին: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան միջ-եկեղեցական շարք մը խնդիրներ: Վեհափառը շեշտեց եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան նոր հունաւորում ու արեւելում տալու անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով ներկայ պայմանները ու հրամայականները:
Յայտնենք, որ Global Christian Forum-ը շուրջ 15 տարիներ առաջ սկիզբ առած շարժում մըն է, որուն մաս կը կազմեն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Կաթոլիկ եկեղեցին եւ շարք մը ուղղափառ ու բողոքական եկեղեցիներ: