«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած այն բաժինը, ուր նախագահը կը խօսի Ատրպէյճանին տարածքներ վերադարձնելու մասին՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելէ ետք, յուզում յառաջացուցած է Ղարաբաղի մէջ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան այս գծով հետեւեալ կեցուածքը փոխանցած է «Հետք» լրատու գործակալութեան թղթակից Անահիտ Դանիէլեանին.
«Արդեօք, ՀՀ նախագահը հարցրե՞լ է Ղարաբաղի ժողովրդին կամ իշխանութիւններին՝ նման տեսակէտ ներկայացնելուց առաջ: Արդեօ՞ք սա ներկայացնում է Ղարաբաղի հանրութեան տեսակէտը… Արդեօ՞ք սա չի նշանակում ՀՀ կողմից ոտնձգութիւն՝ Արցախի հանրապետութեան Սահմանադրութեան նկատմամբ, կամ՝ ուղղակի միջամտութիւն»:
Գրեթէ նոյն բառերով նախագահի այդ կեցուածքին մասին արտայայտուած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ղարաբաղի մէջ իր ընդդիմադիր կեցուածքներով յայտնի Գեղամ Պաղտասարեանը:
«Սիրիական թերթին տուած հարցազրոյցում ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտայայտած մտքերի հետ «կռիւ տալուց» առաջ, եւ դրա փոխարէն, պարզապէս, ըստ իս, հարկաւոր է մի պարզ ու հասարակ հարց տալ նրան՝ օրինական ու բարոյական ի՞նչ իրաւունքով է նա կանխորոշում Արցախի ժողովրդի ճակատագիրը, եթէ ԼՂՀ բարձրագոյն իշխանութիւնը քանիցս հրապարակաւ ասել է, որ չունենք ազատագրուած տարածքներ, այլ ունենք երկրի սահմաններ, որոնք ամրագրուած են նրա սահմանադրութեան մէջ, իսկ արցախեան հանրութեան դիրքորոշումն էլ այս հարցում է՛լ աւելի կոշտ ու կտրուկ է, նաեւ այն, որ չկայ որեւէ փաստաթուղթ, որով ԼՂՀ ղեկավարութիւնը ՀՀ ղեկավարութեանը լիազօրում է ներկայացնել իր շահերը բանակցային գործընթացում», ըսած է Գեղամ Բաղդասարեան:
Մենք ալ, մեր կարգին, ճիշդ այդ նոյն հարցադրումով կը դիմենք Հայաստանի նախագահին: