ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Թուրք եւ հայ գիտնականներ սկսած են իրականացնելու համատեղ նախագիծ մը՝ ուսումնասիրելու համար իրենց երկիրներուն մէջ իրարու հանդէպ ունեցած փոխընկալումը, ինչպէս նաեւ հետազօտելու, թէ 1915ի դէպքերը ինչպէ՞ս կը յիշուին երկու կողմի հասարակութեան յիշողութեան մէջ:
Մինչ թուրք գիտնականը նշած է, որ այն վիշտը, տառապանքները, զորս ապրած են հայերը Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին իրականացուած տեղահանութեան հետեւանքով առ այսօր քննարկման առարկայ են Անատոլի մէջ, հայ գիտնականը յայտնած է, որ իր գործընկերները կասկած անգամ չունին, որ 1915ին տեղի ունեցածը «Ցեղասպանութիւն» է:
«Անատոլուի մէջ դեռ ջերմօրէն եւ կարօտով կը յիշեն 1915էն առաջ ապրած թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն կեանքը», «Հիւրրիյէթ» թերթին յայտնած է Պոլսոյ Սապանճի համալսարանի արուեստի եւ ընկերաբանութեան բաժնի փրոֆ. Լէյլա Նէյզի: «Տեղացիներուն յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են հարեւաններ ըլլալու պատմութիւնները», աւելցուցած է փրոֆեսէօրը:
Նշենք, որ փոխընկալման նախագիծը կեանքի կոչուած էր անցեալ տարի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայ-թրքական հաշտեցման նպաստող մեծահասակներու ուսուցումը եւ բանաւոր պատմութիւնը» խորհրդաժողովին ընթացքին, երբ թուրք եւ հայ գիտնականներ հանդիպած էին Երեւանի մէջ առանց կառավարութեան աջակցութեան, եւ քննարկած՝ թուրք-հայկական յարաբերութիւններուն վերաբերող պատմական փաստերը, յատկապէս՝ 1915ի դէպքերը:
Հայ գիտնականներուն դիրքորոշումը այս հակասական շրջանին վերաբերեալ չի տարբերիր հայ պետական գործիչներու պաշտօնական դիրքորոշումէն: «Հարցազրոյց տուող հայերի մեծ մասն արմատներ ունեն Անատոլիայում եւ իրենց պապերից լսել են թուրքերի մասին բազմաթիւ պատմութիւններ, որոնց մեծ մասը Ցեղասպանութեան մասին տխուր պատմութիւններ են», ըսած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի փրոֆեսէօր Հրանոյշ Խառատեան՝ «Տէյլի Նիուզ»ին ելեկտրական նամակի միջոցով տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Խառատեանի եւ Նէյզիի աշխատանքը պիտի հրապարակուի յառաջիկային լոյս տեսնող «Խօսելով միմեանց հետ. Անցեալի անձնական յիշողութիւնները Հայաստանում եւ Թուրքիայում» գիրքին մէջ, որ պիտի տպագրուի թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով՝ Գերմանիոյ «Մեծահասակներու ուսուցման ընկերակցութեան միջազգային համագործակցութեան ուսումնարան»ի (DVV) օժանդակութեամբ:
Տրուած հարցազրոյցներուն հիման վրայ պիտի ներկայացուին յիշողութիւններ, պատմութիւններ եւ լուսանկարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.