ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքէջին, Թուրք-ամերիկեան միութիւններու համագումարը նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, անկէ պահանջելով, որ ան հանրութեան առջեւ յայտարարէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը պիտի չդրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։
Վերոնշեալ նամակին մէջ նշուած է նաեւ, որ, իբրեւ թէ հայերու ապստամբութեան ժամանակ, արեւելեան Անատոլուի մէջ սպաննուած են աւելի քան մէկ միլիոն օսմանցի իսլամներ։
Համագումարի տնօրէն Կիւնայ Էվինչի ստորագրութիւնը կրող այդ նամակին մէջ կը նշուի, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւի յառաջխաղացքը չի կրնար նպաստել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.