ՊԱՔՈՒ.- Նորուզի տօնին առիթով, Մարտ 20ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցած է ելոյթ մը, ուր յայտնած է, թէ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն հիմնական մասը աւարտած է, իսկ առաջարկներուն մեծ մասը կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն:
Ըստ Ալիեւի, իր կառավարութիւնը ամէն տարի պիտի աւելցնէ երկրի պաշտպանութեան, բանակի հզօրացման եւ նոր զինատեսակներու ձեռքբերման ուղղուած ծախսերը, որպէսզի որեւէ պահու պատրաստ ըլլայ գործադրելու գլխաւոր հրամանատարին հրամանը: «Անիկա մեր ինքնիշխան իրաւունքն է, այս հարցին մէջ մեզի խորհրդատուներ պէտք չեն», ըսած է ան, որուն խօսքերով, Ատրպէյճանի առջեւ ծառացած ամենաբարդ խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումն է: Այդ առումով ձեռնարկուած են որոշ քայլերու, որոնց շնորհիւ, ըստ Ալիեւի, այսօր բանակցային գործընթացին մէջ իր երկրին դիրքերը աւելի հզօր են:
Անոր հաւաստումով, այսօր Ատրպէյճանը տարածաշրջանին մէջ տնտեսապէս ամենաուժեղ երկիրն է, որուն զարգացումը անհամեմատելի է այլ պետութիւններու տնտեսական զարգացման հետ։
«Մենք առայժմ յոյսը կը կապենք բանակցութիւններու հետ եւ պէտք է շարունակենք գործադրել ջանքեր: Կարելի է ըսել, որ բանակցութիւններուն հիմնական մասը աւարտած է, որոշ հանգամանքներու բացառութեամբ՝ (Մինսկի խումբի միջնորդներու) առաջարկները յատկապէս կը համապատասխանեն Ատրպէյճանի շահերուն, կ՛երաշխաւորեն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գրաւեալ բոլոր տարածքներուն վերադարձը Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ», ըսած է Իլհամ Ալիեւ՝ հաւաստելով, որ «Եթէ հակառակ կողմը հանդէս բերէ կառուցողական մօտեցում եւ ընդունի առաջարկուած տարբերակը, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ արագացնել խնդիրի կարգաւորման ընթացքը»:
«Լեռնային Ղարաբաղին՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս կարգավիճակ տրամադրելու գաղափարը անընդունելի է», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ աւելցնելով, թէ իր երկիրը ուրիշներու ներքին գործերուն չի միջամտեր ու կը պահանջէ, որ օտարները նոյնպէս չմիջամտեն իր ներքին գործերուն, «այլապէս անհարկի կը սրեն յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ», եզրափակած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.