ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ըստ վերջերս հրապարակուած պաշտօնական տուեալներու, անցեալ Փետրուարին Արցախի մէջ ծնած է 191 երեխայ՝ 2009 Փետրուարի 202ին դիմաց, իսկ մահացած է 112 մարդ՝ նախորդ տարուան 110ին դիմաց։ Ըստ նոյն ամսուան տուեալներուն, արձանագրուած է 55 ամուսնութեան եւ 9 ամուսնալուծութեան դէպքեր՝ 2009ի Փետրուարի 30 ամուսնութեան եւ 9 ամուսնալուծութեան դէպքերուն դիմաց:
Իսկ 2010ի Փետրուարին, Ղարաբաղի մէջ հաստատուողներուն թիւը կազմած է 141, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 85 անձի փոխարէն, իսկ մեկնողներուն թիւը՝ 23՝ նախորդ տարուան 28ին փոխարէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.