
Լուսանկարչութեամբ Տարուած Իրաւաբանը
Սարա Անճարկոլեան Մարտ 27էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Քասիթաս ցուցասրահներէն (Casitas Studios) ներս պիտի ներկայացնէ իր վերջին լուսանկարներու շարքը: Այդ առիթով «Ասպարէզ»ի աշխատակից Ճորճ Ատուրեանը հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ:
Ստորեւ՝ սոյն հարցազրոյցը ամբողջութեամբ.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Պատմեցէ՛ք մեզի Ձեր մասին՝ ուրկէ՞ եկած էք եւ ե՞րբ հաստատուած էք Լոս Անճելըս:
ՍԱՐԱ ԱՆՃԱՐԿՈԼԵԱՆ.- Ծնած եմ Լոնտոն եւ կեանքիս առաջին վեց տարիները անցուցած եմ Պարսկաստանի մէջ: Հայրս պարսկահայ է, իսկ մայրս՝ իրաքահայ: Պարսկական յեղափոխութենէն ետք, 1981ին, փոխադրուեցանք Լոս Անճելըս: Յաճախած եմ Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի նախակրթարանը, ապա Ֆլինթրիտճ Փրեփ (Flintridge Prep school) երկրորդական վարժարանը: Համալսարանական ուսումս ստացած եմ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ներս՝ մասնագիտանալով Քաղաքական գիտութեանց եւ Հանրային վարքագիծի ճիւղերուն մէջ ստանալով անոնց համապատասխան վկայականը, այնուհետեւ ուսումս շարունակած եմ «Պըրքլի Պոլթ Հօլ» (Berkeley’s Boalt Hall) իրաւաբանական դպրոցին մէջ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ինպէ՞ս անդրադարձաք, որ հրապուրուած էք լուսանկարչութեան արուեստով:
ՍԱՐԱ ԱՆՃԱՐԿՈԼԵԱՆ.- Իրաւաբանական դպրոց յաճախած շրջանին էր, երբ անդրադարձայ, որ հետաքրքրուած եմ լուսանկարչութեամբ: Այդ դպրոցէն ներս դասընկեր մը ունէի, որ նաեւ շատ լաւ լուսանկարիչ էր: Երբ իր տունը այցելեցի, ամբողջ պատ մը զարդարուած էր իր լուսանկարներով՝ առնուած աշխարհի չորս կողմը կատարած իր ճամբորդութիւններու ընթացքին: Պատկերները ընդհանրապէս մարդոց առօրեայ կեանքէն էին: Երբ ես այդ պատը տեսայ, կը յիշեմ, մտածեցի. «Ա՛յս է որ կ՛ուզեմ ընել»: Եւ սկսայ փախուստ տալ իրաւաբանական դպրոցէն եւ երթալ հետեւելու լուսանկարչութեան դասերու Պըրքլիի մայր համալսարանին մէջ: Գործնական լուսանկարչութիւնը աւելի ուշ սորվեցայ, երբ 2002ին հաստատուեցայ Հայաստան, ուր մնացի 2002էն 2004 տարիներուն: Դէպի Երեւան թռիչքի ժամանակ, այնպէս պատահեցաւ, որ նստած էի Հրայր Հոուք Խաչերեանի կողքին. ան մոնթրէալցի շատ տաղանդաւոր լուսանկարիչ է: Կողքին նկատեցի իր լուսանկարչութեան սարքն ու պայուսակը եւ սկսանք խօսիլ լուսանկարչութեան մասին: Լաւ ընկերներ դարձանք եւ միասին գացինք նկարելու Հայաստանի չորս կողմը: Իմ առաջին լուսանկարչութեան դասս սկսաւ Հրայրին հետ՝ Հայաստանի մէջ: Ուրեմն, ես ինքնուսոյց լուսանկարիչ եմ: Բաւական ժամանակ տրամադրեցի սորվելու այլ լուսանկարիչներէ, ուսումնասիրելու լուսանկարչութիւններ գիրքերու մէջ, համացանցի վրայ եւ ցուցահանդէսնրու միջոցաւ, երթալու դասխօսութիւններու, դասեր առնելու եւ փոխյարաբերելու այլ լուսանկարիչներու հետ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ տեսակի նիւթեր կը հետաքրքրեն Ձեզ եւ ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք զանոնք:
ՍԱՐԱ ԱՆՃԱՐԿՈԼԵԱՆ.- Ամէնէն շատ հետաքրքրուած եմ ընկերային խնդիրներ ներկայացնող վաւերագրական լուսանկարչութեամբ: Իմ հետաքրքրութիւնս այս տեսակի նկարչութեան նկատմամբ կու գայ սովորական մարդոց կեանքէն «պահեր բռնելու» եւ անոնց պատումութիւնները լոյսին տակ դնելու ցանկութենէն: Այդ պահերը առանց «քամերա»ի (լուսանկարչութեան մեքենայ-ԽՄԲ.) շատ արագ կրնային իյնալ մոռացութեան գիրկը: Հակառակ անոր, որ կը յարգեմ գործը այն վաւերագրական լուսանկարիչներուն, որոնց ուշադրութեան կեդրոնը արտասովոր վիճակներն են ինչպէս՝ պատերազմ, բնութեան աղէտներ եւ այլ մարդկային պատուհասներ, ես կ՛ուզեմ գործս կեդրոնացնել նիւթերու, երեւոյթներու վրայ, որոնք կրնան աննկատ մնալ՝ շուքի տակ մնացած հարցերու եւ մարդոց նման՝ ըլլան անոնք ընկերութենէն ներս թէ անոր լուսանցնքերուն գտնուողներ:
Այս տեսակի գործերով է, որ կապուած կը զգամ մարդոց հետ՝ ընկերային տարբեր մակարդակներու վրայ, միեւնոյն ժամանակ միջոց մը նկատելով զանոնք՝ յայտնաբերելու Մարդկային Իրավիճակի մասին փոքր, տիեզերական ճշմարտութիւններ: Իմ ծայրագոյն նպատակս է ստեղծել ժամանակին յարմար լուսանկարչական պատկերներ եւ ներկայացնել այնպիսի պատմութիւններ, որոնք կը ծառայեն իբրեւ մղիչ ուժ՝ զարգացման, մշակութային փոխհասկացողութեան եւ ընկերային արդարութեան: Օրինակի համար, վերջին երկու տարիներուն, իրարմէ բաժնուած ընտանիքներու մասին, «Not Here» կոչուող ծրագիրի մը վրայ կ՛աշխատէի, վաւերագրելով Հայաստանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ ապրող ինը ընտանիքներու կեանքը: Ասիկա համաշխարհային գաղթի պատմութիւնն է, ուր ընտանիքի անդամներէն մէկը կը հեռանայ երթալով արտասահման աշխատելու եւ Հայաստանի մէջ իր ետին ձգած ընտանիքին դրամ ուղարկելու համար:
Կարգ մը պատկերներ սոյն ծրագրէն կրնաք տեսնել իմ համացանցի կայքին վրայ «Not Here» բաժինին մէջ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ կը փորձէք իրականացնել երբ պատկեր մը կ՛առնէք: Ձեր նիւթերը (առարկաները) կը շարադրէ՞ք եւ կամ զանոնք կ՛առնէք ինչպէս որ կան՝ յանկարծական:
ՍԱՐԱ ԱՆՃԱՐԿՈԼԵԱՆ.- Ընդհանրապէս չնախապատրաստուած ստեղծագործութիւններ են, յանկարծակի ստացուած ներշնչումներու տակ, (improvise). շատ բան պատրաստած կամ որոշած չեմ ըլլար նախապէս: Ինծի համար, շատ կարեւոր է շատ բան նախորոք չորոշել, որովհետեւ այդ պարագային տուեալ կացութեան կը փոխանցես քու անձնական նախապաշարումներդ եւ կանխամտածուած գաղափարներդ փոխանակ ձգելու, որ կացութիւնը երեւան գայ եւ այնտեղ գտնուելով նշմարուի եւ զայն վաւերագրել ինչպէս որ կայ:
Երբ լուսանկար մը կը նկարեմ, ամէնէն կարեւոր բանը, զոր կ՛ուզեմ իրականացնել՝ ճշմարտութեան պահ մը բռնել ու կարելի եղած ուժգնութեամբ զայն փոխանցել՝ յուզումներով:
Ինծի համար, այդ ճշմարտութեան հասնելու բանալիներէն մէկը մարդոց կամ վիճակներու (զորս պիտի լուսանկարեմ) կապ ու փոխադարձ վստահութիւն եւ յարգանք հաստատելու փորձն է:
Ես կ՛ուզեմ անձնական կապ ստեղծել իմ ենթակայ նիւթերուս հետ եւ կը կարծեմ, որ այդ անձնական կապերուն ուժն ու խորութիւնը իմ իրագործած լուսանկարներուս ուժ եւ խորութիւն թելադրած են:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞վ է Ձեր նախասիրած լուսանկարիչը:
ՍԱՐԱ ԱՆՃԱՐԿՈԼԵԱՆ.- Բազմաթիւ նախասիրութիւններ ունիմ, բայց քանի որ պէտք է միայն մէկուն մասին խօսիմ, պիտի նշեմ Էլլըն Մարքը (Ellen Mark): Ան առասպելական վաւերագրական լուսանկարիչ մըն է եւ առաջին կիներէն մէկը, որ գերազանց մակարդակ նուաճած է ընկերային վաւերագրական լուսանկարչութեան մէջ: Մեծ յարգանք ունիմ Մարքի ընտրութիւններուն նկատմամբ՝ իր լուսանկարած մարդոց եւ նիւթերու առումով: Ան վաւերագրեց նիւթեր, որոնք կը ներառեն կիներ հոգեբուժական հաստատութիւններէ ներս, Պոմպէյի պոռնիկներ, Հնդկաստանի կրկէսի դերակատարներ, Սիաթըլի փողոցները ապրող պարմանուհիներ եւ Նիւ Եորքի անտուններ՝ յաճախ փորձելով լուսարձակի տակ առնել ընկերութեան լուսանցքին մէջ ապրողներու կեանքը եւ այդ մէկը ան կ՛իրականացնէ առանց զգայնութեան այլ, ընդհակառակը՝ ան կը յայտնաբերէ շերտերը այդ կեանքերուն բարդութիւններուն, իմաստին եւ հեգնանքին:
Ես բախտաւոր էի անցեալ տարի տիկին Մարքի հետ 3 օրուան դասընթացքի հետեւելու: Ան վերանայեցաւ եւ քննադատեց Հայաստանի լուսանկարչական գործերս եւ իրապէս հոյակապ փորձառութիւն մըն էր այդ ինծի համար՝ հաղորդուիլ ժամանակակից վաւերագրական լուսանկարչութեան այդ մեծ տաղանդին հետ՝ գործերուս գնահատանքին ու քննադատութեան ընդմէջէն:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Շուտով պիտի ունենաք Ձեր վերջին լուսանկարնչական գործերու ցուցահանդէսը եւ միեւնոյն ժամանակ Ձեր լուսանկարներու գիրքի շնորհահանդէսը, խօսեցէք մեզի անոնց մասին:
ՍԱՐԱ ԱՆՃԱՐԿՈԼԵԱՆ.- Ցուցահանդէսը եւ գիրքը կը կոչուին՝ «Ինչպէս Կ՛ապրինք՝ Կեանքը լուսանցքներու վրայ՝ Հայաստանի մէջ» (How We Live: Life on the Margins in Armenia): Ցուցահանդէսի բացումը տիղի պիտի ունենայ Շաբաթ Մարտ 27ին մեծ տարածութեան մը մէջ որ կը կոչուի «Քասիթաս Սթիւտիոզ» (Casitas Studios), Էթուաթըր Վիլլէճ, Լոս Անճելըս (Atwater Village, Los Angeles): Շատ Խանդավառ եմ յայտնելու, թէ այդ գիրքը իմ լուսանկարչութեան առաջին գիրքս է:
Այս նախաձեռնութիւնը, որ կը վայելէ Թիւֆէնքեան Հիմնարկութեան օժանդակութիւնը, կը վաւերագրէ Հայաստանի մէջ աճող աղքատութիւնը: Համաշխարհային տնտեսական անկումով սաստկացած, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ աղքատութեան մակարդակը բարձրացած է. ըստ Աշխարհի Դրամատան (World Bank) 2009 տեղեկագիրին, ժողովուրդին 28 տոկոսը կ՛ապրի աղքատութեան սահմանագիծէն վար:
Թիւֆէնքեան Հիմնարկութիւնը ինձմէ խնդրեց, որ վերադառնամ Հայաստան եւ վաւերագրեմ վերոյիշեալ իրավիճակը: Ուրեմն, Յուլիս 2009ին վերադարձայ Հայաստան եւ սկսայ լուսանկարել եւ հարցաքննել աղքատութեամբ տառապող ընտանիքներ:
Ես վաւերագրեցի աղբանոցներէ իրենց սնունդը ստացող հայ ընտանիքներ, սնունդի պակասէ տառապող մանուկներ, ալքոլամոլութեան եւ ընտանեկան բռնութեան պատճառաւ քանդուած ընտանիքներ եւ ուրիշներ, որոնք կը գիշերէն բացօդեայ արտերու մէջ:
Ցուցահանդէսը կը ղեկավարէ Նարինէ Միրզայեանը, որ Լոս Անճելըս հաստատուած ձեւաւորող մըն է եւ ներկայիս կ՛աշխատի ճարտարապետ Ֆրէնք Կեհրիի ընկերութեան համար: Ցուցահանդէսի ձեւաւորումը շատ իւրայատուկ է եւ՝ տարբեր. մարդիկ շատ պիտի տպաւորուին անորմով: Ան (ցուցահանդէսը) կ՛ընդգրկէ 40 5×7 ոտք մեծութեամբ պատկերներ՝ կախուած խճճուած, ձիգ թելերով ցանցերէ, որոնք հանդիսատեսը կը հրաւիրեն վերոյիշեալ մարդոց կեանքին մէջ մտնելու նաեւ, որոնք կը ներկայացնեն աւելի մեծ հարցեր ընկերային մօտիկութեան կամ աճող խզուածութեան վերաբերեալ: Այս ցուցահանդէսին «պատեր» չկան՝ բոլոր լուսանկարները կախուած պիտի ըլլան ընդարձակ մթերանոցի տարածքին եւ հանդիսատեսը պիտի կարենայ քալել պատկերին շուրջ՝ ունենալով անձնական փորձառութիւն անոր հետ:
Միեւնոյն ժամանկ, այնտեղ պիտի ըլլան պաստառներ՝ ներկայացնելով լուսանկարներու փոքրացուած նկարները՝ պատկերներու սահող շարաններ: Նաեւ, Մարտ 27ի երեկոյեան ժամը 9ին, Էմմի (Emmy) մրցանակակիր Քարլա Կարապետեանի 10 վայրկեաննոց այս ծրագրի եւ Հայաստանի մէջ աղքատութեան մասին կարճ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի:
Եւ, վերջապէս, շնորհահանդէսն ալ պիտի կատարենք իմ լուսանկարներու լաթակազմ գիրքին, զոր ձեւաւորած է տաղանդաւոր գծագրական ձեւաւորող Մարի Մինասեանը: Գիրքը կ՛ընդգրկէ վերոնշեալ ընտանիքներու լուսանկարներն ու պատմութիւնները:
Կ՛ուզեմ յիշատակել բոլոր անոնք, որոնք կամաւոր կերպով իրենց թանկագին ժամանակն ու տաղանդը տրամադրեցին այս ծրագիրին: Իւրաքանչիւր տոլար որ պիտի հանգանակուի այս ցուցահանդէսի ընթացքին Թիւֆէնքեան հիմնարկութեան ճամբով պիտի ուղարկուի Հայաստան, աղքատութեան դէմ պայքարելու ճիգին մէջ ներդրում կատարելով եւ այսպէս՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն ծառայութիւն տրամադրելով, վերջ տալու աղքատութեան: Յոյս ունիմ, որ այս ծրագրով կրնանք ուշադրութիւն կեդրոնացնել ներկայիս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածին վրայ, երկխօսութիւնը քաջալերել եւ հաւաքական շարժումի ներշնչել:
—————————————————————————————————————————

«Ինչպէս Կ՛ապրինք»
(How We Live)
Սարա Անճարկոլեանի լուսանկարչական գործերու ցուցահանդէսի եւ Գիրքի շնորհահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 27ին, ժամը 7ին՝ Casitas Studios, գործակցութեամբ Թիւֆէնքեան Հաստատութեան եւ ղեկավարութեամբ Նարինէ Միրզայեանի: Ժամը 9ին ներկայացում եւ կարճ վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն, ապա հիւրասիրութիւն:
Տոմսերը՝ $25 (կանխաւ ապահովուած) $30 (մուտքին): Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ www.HowWeLive.org
Ընտրուած լուսանկարներ տեսնելու համար՝ www.SaraAnjargolian.com
Թիւֆէնքեան Հաստատութեան աղքատութեան դէմ պայքարի մասին տեղեկութիւններու համար՝ www.TufenkianFoundation.com
ԻՆՉՊԷՍ Կ՛ԱՊՐԻՆՔով կը ներկայացուին քառասուն մեծ տպագիր նկարներ, օդէն կախուած լարերու իւրայատուկ ցանցով, որ կը հրաւիրէ նայողի հայացքը դէպի պատկերուած մարդոց առօրեայ կեանքը եւ որ կու տայ խորապատկերը ընկերական փոխկապակցութեան մը կամ՝ յարաճուն խզումին: Յատուկ կարգով խմբուած ու դասաւորուած, պատկերներու դաշտի իրերայաջորդ շարուածքը կը շրջանակէ ռազմավարական հայեցողութիւն մը, որ կը յառաջացնէ ամէնէն տարբեր զգայնութիւնները, առաջնորդելով ենթական տեսողական եւ զգացական զարգացող գիտակցութեան մը ընդմէջէն՝ հասցնելու համար իւրաքանչիւր նկարի պատմութեան: Նկարներուն հետ միասին, շարժուն պատկերիները արտացոլող պաստառները կու գան առաւել խոր ճանաչումի տարրերը հարստացնելու:
ԻՆՉՊԹՍ Կ՛ԱՊՐԻՆՔԸ յղացուած է իբրեւ փորձառութիւն մը, որ դիտողէն կը պահանջէ մխրճուելու նկարներուն մէջ պատկերուած անձերու կեանքին մէջ: Այստեղ, նկարներու մէջ առնուած մարդիկ եւ վայրեր յատուկ շեշտադրում մը ունին, որոնք կը համապատասխանեն այցելու-դիտողի հոգեխառնութեան: Նկարներու եւ դիտողներու միջեւ հաղորդակից յարաբերութեան այս նոր գիտակցումը կը զանցէ մակերեսայնօրէն նայելու մօտեցումը, եւ կը սնուցանէ ընդհանրական դատի մը զարգացումը, ոչնչացնելով «մենք»ի եւ «անոնք»ի կանխայղացուած գաղափարները:
Կը յուսամ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը տեսնել ցուցահանդէսին: