ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Մարտ 17ին կը հաղորդէ, որ Շուէտի կառավարութեան ընդդիմադիր Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւնը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ երկրի վարչապետ Ֆրետերիք Ռայնֆելտի, զայն մեղադրելով երկրի օրէնքներուն հակասող քայլերով։
Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ Սվենտ Էրիք Օսթպերկ ըսած է, թէ վարչապետ Ռայնֆելտի յայտարարութիւնը, թէ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայկական եւ այլ ցեղասպանութիւնները ճանչցող բանաձեւը իշխանութիւններուն համար պարտաւորիչ չէ եւ օրէնքի ուժ չունի, կը հակասէ Շուէտի օրէնքներուն։
«Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցին մէջ վարչապետ Ֆրետերիք Ռայնֆելտ յայտարարած էր, որ խորհրդարանի որոշումը որեւէ նշանակութիւն չունի, եւ այդ առնչութեամբ ներում հայցած էր, ինչ որ կը հակասէ մեր օրէնքներուն։ Նման դիրքորոշում կը նշանակէ, որ իշխանութիւնները կ՛ընդդիմանան ժողովուրդի որոշումին։ Այդ պատճառով, մենք Գերագոյն դատարանին մէջ վարչապետ Ռայնֆելտի դէմ հայց ներկայացուցած ենք», յայտարարած է ընդդիմադիր խորհրդարանականը։
Շուէտի վարչապետը նաեւ յայտնած էր, թէ բացարձակապէս չի փափաքիր, որ յարաբերութիւնները խանգարուին Թուրքիոյ ու Շուէտի միջեւ, եւ մտավախութիւն յայտնած է, թէ բանաձեւը կրնայ խանգարել ո՛չ միայն Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման գործընթացը, այլ նաեւ կրնայ շահագործուիլ բոլոր այն շրջանակներուն կողմէ, որոնք կը ցանկան կասեցնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած բարեփոխումները։
Միւս կողմէ, թրքական «Զաման» օրաթերթը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ՝ կը յայտնէ, թէ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին հակազդելու նպատակով Անգարա կանչուած Թուրքիոյ դեսպան Զերկուն Քօրութիւրք, շուտով պիտի վերադառնայ իր պարտականութիւններուն։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Անգարան Սթոքհոլմի մէջ իր դեսպանին ետ ուղարկելու մասին որոշումը տուած է Շուէտի վարչապետին կողմէ բանաձեւը քննադատող յայտարարութենէն ետք: Ըստ «Զաման»ի, Անգարա բաւարարուած է Շուէտի վարչապետին յայտարարութեամբ՝ զայն բաւարար «փոխհատուցում» նկատելով: Թրուք դիւանագէտներ նաեւ կոչ կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներուն, որ Շուէտէն օրինակ առնէ։