ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Իր կեանքի ամբողջ ընթացքին ազգին, հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայած մտաւորականին, տիպար դաշնակցականին, նուիրեալ ազգային գործիչին, նահատակ ղեկավարին եւ իտէալապաշտ գաղափարի մարտիկին յիշատակին դիմաց խոնարհելու եկած էին մեծ թիւով լիբանանահայեր, որոնք Երկուշաբթի, 15 Մարտի երեկոյեան լեցուցած էին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը՝ հաղորդակից դառնալու Սարգիս Զէյթլեանի կեանքով, գործով ու նահատակութեամբ փոխանցուած պատգամներուն։

ՀՅԴ քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկը նուիրուած էր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման 25ամեակին։ Բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Ապտալեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայ Դատի համար պայքարի բոլոր մակարդակներուն վրայ ներկայութիւն եղած, ղեկավար եւ առաջնորդ տիտաններէն մէկը հանդիսացած, իր աշխատանքով եւ ոգեւորութեամբ ընկերութիւն մը ամբողջ համախմբած Սարգիս Զէյթլեան տիպարին։
Ապա ցուցադրուեցաւ Ս. Զէյթլեանի նուիրուած տեսաերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ անոր կեանքը, լիբանանահայ իրականութեան մէջ անոր տարած մեծ աշխատանքը, յատկապէս Դաշնակցութեան ընդմէջէն՝ իբրեւ ղեկավար ու սիրուած առաջնորդ։ Տեսաերիզին մէջ ընդգրկուած էին Ս. Զէյթլեանի մասին վկայութիւններ Հրաչ Տասնապետեանէն, որ զայն նկատած էր ի ծնէ հաւատաւոր դաշնակցական ղեկավար, Մուսա լերան ժայռերուն պէս կուռ կեցուածքներու տէր, Պօղոս Սնապեանէն, որ նշած էր, թէ Զէյթլեան ունեցած է երեք մեծ սէրեր՝ հայրենասիրութիւն, ժողովրդասիրութիւն ու սէր՝ լեզուին նկատմամբ, եւ Երուանդ Փամպուքեանէն, որ դիտել տուած էր, թէ Ս. Զէյթլեան արտակարգ անձնաւորութիւն է իր իմացականութեամբ, եռանդով, ղեկավարելու կարողականութեամբ, որովհետեւ հերոսութիւնը անոր մօտ բնածին եղած է։ Աւարտին ներկաները լսեցին Սարգիս Զէյթլեանի խօսքը՝ ուղղուած երիտասարդութեան:
Օրուան բանախօսը՝ Տիգրան Ճինպաշեան, իր խօսքին մէջ վեր առաւ Սարգիս Զէյթլեան մարդուն, դաշնակցականին, գաղափարի մարտիկին եւ պայքարողին կեանքը, նուիրական գործունէութիւնը, գաղափարական աշխարհն ու մահը՝ հայութեան եւ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած անձնաւորութեան համայնապատկերը գծելով ու անկէ բխող պատգամները փոխանցելով սրահը լեցուցած բազմութեան։
Բանախօսը իր խօսքը սկսաւ Ս. Զէյթլեանի դժբախտ վախճանէն՝ դիտել տուաւ, որ դաշնակցական գործիչներուն վաստակի գնահատումը ընդհանրապէս կը կատարուի անոնց մահէն ետք, սակայն Ս. Զէյթլեանի պարագան տարբեր էր, որովհետեւ տմարդօրէն առեւանգուելով՝ ան վերածուեցաւ հետազօտման պարագայի մը, որուն մասին տարբեր պատճառներով լռութիւն տիրեց՝ փորձ կատարելով ճշմարտութիւնը բացայայտել, սակայն ապարդիւն։
«Չենք կրնար փակուած համարել հարցը. Սարգիս Զէյթլեան կը սպասէ իր արժանապատիւ յուղարկաւորութեան, կը սպասէ իր հսկայական վաստակին գնահատման ու արժեւորման։ Տեղը չէ ոստիկանական ու դատական հետաքննութիւններու ոճով փաստարկութիւններու։ Սակայն փաստը կը մնայ փաստ։ Լիբանանի խռոված կեանքը հանդարտեցաւ, առեւանգեալները վերադարձան տուն, սպաննուածներու աճիւնները յանձնուեցան ընտանիքներուն, սակայն տասնեակներով ուրիշներու ճակատագիրին մասին ստոյգ, շօշափելի, իրական փաստեր չփոխանցուեցան ու անոնք դժբախտաբար կը պակսին մինչեւ այսօր», յայտնեց բանախօսը։
Բանախօսը ներկայացուց դաշնակցական ղեկավարին կենսագրականը՝ լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական հանգրուանները, անոր գործունէութեան նշանակալից կողմերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի ստեղծման, Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպման։
«Չկար երիտասարդական միութիւն Լիբանանի մէջ. 1972 թուականէն սկսեալ, երբ բազմաթիւ առիթներով Լիբանանի պատանեկան միութիւնները վերակազմակերպելու, զանոնք բարելաւելու գծով աշխատանք կը տանէինք, մինչեւ այսօր ականջիս մէջն է իր ձայնը, երբ 1972ին, 1973ին կ՛ըսէր, որ երիտասարդական միութիւն պէտք է ստեղծել, մնացածը աւելորդ է։ Այդ երիտասարդական միութիւնը ստեղծուեցաւ ա՛յն պատկերով, ա՛յն գաղափարով, ա՛յն մտածողութեամբ, զոր ի՛նք ունէր, զոր ի՛նք կը թելադրէր», ընդգծեց Տ. Ճինպաշեան՝ հաստատելով, որ պատերազմի տարիներուն միայն կազմակերպական աշխատանք չէր տաներ Ս. Զէյթլեան, այլ «պատնէշի վրայ էր, անխոնջ ներկայութիւն ակումբներուն մէջ, մնայուն հսկող՝ երիտասարդներու գործին։ Տագնապի ծանր պահերուն յանձնառու ղեկավարն էր, որ իր տունը նստած հրահանգներ չէր ղրկեր, անձնապէս կը ղեկավարէր, անձնապէս կ՛առաջնորդէր գործը»։
Բանախօսը նաեւ խօսեցաւ Ս. Զէյթլեանի գաղափարախօսական աշխարհին եւ ազգային սկզբունքներուն մասին՝ նշելով, որ «Հայ Դատը, Հայաստանը, հայութեան մեր իրաւունքները՝ ամէն բանէ վեր են», կը հաստատէր Զէյթլեան միշտ։ Ըստ Տ. Ճինպաշեանի, հայ ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը ոսկի թելի պէս կ՛անցնէր անոր ամբողջ հրապարակագրութեան մէջէն, անոր ստեղծած գրականութեան մէջ Հայաստանը մնայուն ներկայութիւն էր:
Սարգիս Զէյթլեան մարդը բնութագրելով՝ Տ. Ճինպաշեան ըսաւ. «Սարգիս Զէյթլեան էապէս ընկերական, էապէս զիջող, էապէս համադրել գիտցող մարդն էր, բայց երբ որոշումը տրուած էր, անոր գործադրութեան մէջ կանգնիլ չէր գիտեր, վճռականութիւն կը ցուցաբերէր։ Այդ վճռականութիւնն էր, որ իրեն կու տար այդ նկարագիրը, այդ արտաքին պատկերը։ Իրեն համար հիմնականը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը հասնէր իր նպատակներուն։ Իր քաղաքական հաւատամքը հիմնուած էր մարտավարական գործնապաշտութեան վրայ»։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի։ Ընթերցուեցաւ այս առիթով գրուած «Դրօշակ»ի խմբագիր Ռուբէն Յովսէփեանի նամակը, որուն մէջ ան լուսարձակի տակ կը բերէր Ս. Զէյթլեանի գործն ու վաստակը։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով։