Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանին, Բրիտանիոյ արդարադատութեան նախարար Ճեք Սթրօ Երեքշաբթի, Մարտ 16ին յայտարարած է, որ իր երկրի խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան պիտի չդրուի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը: Ներկայիս բրիտանացի երեսփոխաններ կը քննեն բանաձեւը խորհրդարանին մէջ քննարկելու կարելիութիւնը:
«Մենք քուէարկութեան չենք դներ հայկական բանաձեւը, այնպէս որ անոր վաւերացման հաւանականութիւնը բացառուած է», յայտարարած է Սթրօ՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին։