ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարտ 15ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, թէ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական մշակութային փառատօնը այս տարի պիտի նուիրուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձներուն:
Ամբողջ տարուան վրայ երկարող փառատօնին կը նախատեսուի աւելի քան 1000 հոգիի մասնակցութիւն: «Փառատօնը նպատակ ունի հայրենիքում տարուան ընթացքում համախմբելու եւ համալիր տեսքով ներկայացնելու համայն հայութեան շրջանում ստեղծուած մշակութային արժէքները, դրա հետ մէկտեղ նաեւ հնարաւորութիւն տալով մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներին գալու Հայաստան, ճանաչելու եւ սիրելու իրենց հայրենիքը», ըսաւ նախարարը:
Այս փառատօնի առանձնայատկութիւններէն մէկը, ըստ սփիւռքի նախարարին, պիտի ըլլայ նաեւ համաժողովներու եւ քննարկումներու իրականացումը, որ նպատակ ունի «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին ծիրէն ներս ստեղծել նաեւ համահայկական համապատասխան ոլորտներու ընկերակցութիւններ, փառատօնէն դուրս ցանցային աշխատանք ծաւալելու նպատակով։ Նախարարին փոխանցած տեղեկութիւններով, այս տարի նախատեսուած են համաժողովներ՝ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ քանդակագործութեան, կերպարուեստի եւ ճատրակի համահայկական մրցոյթներ, որոնք պիտի իրականանան Արցախի մէջ:
Փառատօնի նախագահ Թամար Պօղոսեանի համաձայն, փառատօնը այս տարի պիտի ունենայ նաեւ իր օրհներգը, որուն համար պիտի յայտարարուի յատուկ մրցոյթ: Օրհներգի մրցոյթ պիտի յայտարարուի նաեւ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւն» ծրագիրին համար: Փառատօնի նախագահին հաւաստումով, մասնակցութեան համար արդէն իսկ ներկայացուած է 400 դիմում՝ 11 երկիրներէ: Առաջին անգամ ըլլալով մասնակիցներ պիտի ըլլան նաեւ Գանատայէն, Զուիցերիայէն եւ Մակեդոնիայէն:
«Համահայկական մշակութային այս փառատօնը սփիւռքահայ հայրենակիցների պահանջն է. նրանք սպասում են այս միջոցառմանը՝ հայրենիք գալու համար, եւ այդ է պատճառը, որ նախորդ տարիների փառատօնի մասնակիցների 30 տոկոսը սովորաբար կրկին յայտ են ներկայացնում: 2010ի «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»ին նախատեսւում է նոյն մասնակիցների 50 տոկոսի այցելութիւն», յայտնած է Թ. Պօղոսեան, որ կարեւոր համարած է փառատօնի ձեռնարկներու արդիւնքներուն ամփոփումն ու համակարգումը:
Նշենք, որ փառատօնի ծիրէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին առիթով Ապրիլ 20-30 պիտի բացուի կերպարուեստի համահայկական ցուցահանդէս, եւ պիտի տպագրուի Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներու պատկերագիրք: Հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու համայկական համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 25էն 27ի միջեւ։
Հայ գրականութեան նուիրուած օրերը նախատեսուած են Յունիս 28էն սկսեալ. նոյն օրը պիտի կայանայ գրողներու «Հայ գրականութիւնը՝ հայոց միջնաբերդ» խորագիրը կրող համահայկական համաժողով: Արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքերու ստեղծման սկզբունքներուն վերաբերեալ քննարկումները պիտի իրականանան Յուլիս 2ին, «Արեւմտահայերէնի ուսուցման ներկայ վիճակը Սփիւռքում» գիտաժողովին ընթացքին:
Յուլիս 22ին, Երեւանի մէջ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանան համերգային տարբեր ելոյթներ։ Համերգներ պիտի իրականանան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր մարզերու մէջ։ Իսկ Ճատրակի համահայկական երիտասարդական մրցոյթի եզրափակիչ փուլը նախատեսուած է կայացնել Օգոստոս 15էն 23 երկարող ժամանակահատուածին մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին հետ միասնաբար, կազմակերպած է նաեւ «Սփիւռքի լաւագոյն լրատուամիջոց» մրցոյթը, որուն նպատակն է գնահատել Սփիւռքի այն լրատուամիջոցը, որ մեծ աւանդ ունեցած է հայապահպանութեան գործին մէջ։
Հ. Յակոբեան նաեւ նշեց, որ փառատօնը պիտի իրականանայ ՀՀ կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ, նկատի ունենալով, որ անիկա պետական ծրագիր է եւ կը հովանաւորուի Հայաստանի նախագահին կողմէն:
Վերջապէս նշենք, որ փառատօնի կազմակերպիչ կոմիտէներուն մէջ այս տարի ընդգրկուած են մշակութային գործիչներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ Սփիւռքէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.