Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի երկարաշունչ արձակուրդէն հազիւ վերադարձած՝ «Մերտինեան» վարժարանէն ներս դպրոցական կեանքը մտաւ իր բնականոն ընթացքին մէջ: Առօրեայ դասընթացքներու կողքին սկսան տեղի ունենալիք ձեռնարկներու պատրաստութիւնը, փորձերը, ինչպէս նաեւ նորերու ծրագրումը։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Փետրուարը իրեն հետ բերաւ տարուան առաջին ազգային տօնը՝ Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակումը, որ մեզ, բոլորս, կը ներշնչէ անմահ Քաջ Վարդանի անսասան հաւատքով ու անսահման հայրենասիրական ոգիով։ Մանկամսուրի մէջ կը սորվին Վարդանի անունը, եւ մեծ հպարտութեամբ կ՛ըսեն՝ «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես». յաջորդող դասարաններուն մէջ կը սորվին Վարդանի ու իր զինակիցներու պատմութիւնը եւ ապա, զայն պատկերներով՝ կը ներկայացնեն բեմերու վրայ, ամէն մէկը դառնալով նոր «Վարդան»ներ՝ կը հասկնան «Վասն Հաւատքի, վասն հայրենեաց» խօսքին նշանակութիւնը եւ անոնց համար կատարուելիք զոհողութիւններն ու ծառայութիւնները։
Այս տարի, Վարդանանցի պաշտօնական յիշատակումը տեղի ունեցաւ Փետրուար 11ի առաւօտեան ժամը 8ին, վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ։ Պաշտամունքը առաջնորդեց, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամը փոխանձեց վեր. Ճէյսըն Մաթոսեանը։ Օրուան յատուկ քանի մը երգերու խմբային կատարումէն ետք, յայտագիրը բացուեցաւ աշակերտական բարի գալուստի խօսքով, ապա յաջորդաբար բեմ բարձրանալով՝ արտասանեցին ու երգեցին Բ., Գ. եւ Ե. կարգի աշակերտները, մինչ Ը. կարգի աղջիկները երգեցին «Նորահրաշ» շարականը։

Յայտագիրի վերջին մասով ելոյթ ունեցաւ Դ. կարգը, որ ներկայացուց «Հաւատքի Զօրագունդը», ուր յատուկ ուշադրութիւն գրաւեցին Հայոց Մեծ տիկինը, Վարդանն ու Ղեւոնդ Երէցը։
Հանդիսութիւնը փակեց վարժարանիս տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանը, որ անգամ մը եւս մատնանշեց Վարդանանց հաւատքի եւ հայրենասիրութեան զօրութիւնը, ապա գնահատեց յայտագրին բաժին բերող բոլոր աշակերտները եւ զայն պատրաստող ուսուցիչները։
Փետրուար 24ին, «Մերտինեան» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան Գիտական ցուցահանդէսը՝ Միջնակարգի 6-8 դասարաններուն համար։ Քանի մը ամիսներու վրայ երկարող այս աշխատանքներուն ծրագրումն ու իրագործումը ի յայտ կը բերէր ապագայ գիտնականներու փայլուն խումբ մը։ Անոնց աշխատանքները բծախնդրօրէն դատուեցան հիւր դատաւորներու կողմէ եւ հետեւեալ աշակերտները արժանացան Ա-Գ մրցանակներու եւ մասնաւոր յիշատակութեան.
Զ. կարգ
Ա. Նարեկ Աթէօքէնեան
Բ. Հրաչ Ասմէրեան
Գ. Ալիս Կարապետեան
Մասնաւոր յիշատակութիւն՝ Վազգէն Հաթիքեան
Է. կարգ
Ա. Րաֆֆի Ղարխըտեան
Բ. Ռոզ Աւագեան
Գ. Վարդան Արզումանեան
Մասնաւոր յիշատակութիւն՝ Մայքըլ Սուլահեան
Ը. կարգ
Ա. Արթին Գալստեան
Բ. Սուրէն Գրիգորեան
Գ. Անի Քէշիշեան
Մասնաւոր յիշատակութիւն՝ Էնդի Տանայեան
Մրցանակակիր աշակերտներէն ոմանք պիտի մասնակցին Ամերիկայի Հայ երկրաչափներու եւ գիտնականներու (AESA) կազմակերպութեան մրցոյթին եւ Լոս Անճելըսի Գիտական ցուցահանդէսին։ Յաջողութիւն բոլորին։
(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)