Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը Մեծ Պահքի ընթացքին կարգ մը Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ աշխատանիստեր կը կազմակերպէ «Շնորհքով Շաղախուած» խորագրին տակ: Շաբաթ, Մարտ 6ի առաւօտուն աշխատանիստ մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի, եւ ատենապետութեամբ Տէպի Տէրտէրեանի:
Նիստը կը ղեկավարէին նշեալ խորհուրդի անդամները եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհիները:
Պատանիներն ու մանուկները սորվեցան Մեծ Պահքի խորհուրդը, արտասանեցին աղօթքներ եւ երգեցին հոգեւոր երգեր: Տէր Սարգիս աշակերտներուն ցոյց տուաւ նշխարի պատրաստութիւնը եւ բացատրեց անոր նշանակութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպողներուն եւ մասնակցողներուն, ու աղօթքով փակեց այս աշխատանիստը:
Աշխատանիստէն ետք, Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը գումարեց իր հերթական ժողովը:
«Շնորհքով Շաղախուած»ի յաջորդ աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 10ին՝ Եդեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.