Պատրաստեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մանուկները հակամէտ են ունենալու զանազան ցպկային (bacterial) եւ ժահրային (viral) վարակներ (infections), որովհետեւ անոնց պաշտպանողական-դիմադրողական համակարգը (immunity system) ամբողջապէս կազմաւորուած չ՛ըլլար։ Այս վարակներուն մեծամասնութիւնը շատ դիւրաւ կը փոխանցուի, անհատէ անհատ՝ ցպկամարմիններու եւ ժահրերու արագընթաց տարածումով։
Ժահրերու եւ ցպկամարմիններու տարածումը եւ փոխանցումը տեղի կ՛ունենան հետեւեալ միջոցներով եւ ձեւերով.
1. Ուղղակի դպչելով։ Այս կը պատահի, երբ բերնի, կոկորդի, քիթի, աչքի եւ մորթի վարակ ունեցող հիւանդ մը կը դպնայ առողջ անհատի մը։
2. Անուղղակի դպչելով։ Այս կը պատահի, երբ առողջ մանուկ մը դպնայ առարկայի մը եւ կամ գործածէ առարկայ մը, որ նախապէս օգտագործուած է վարակուած մանուկի մը կողմէ։
3. Օդի միջոցով։ Առողջ մանուկ մը կը վարակուի օդին մէջ գտնուող ժահրերով եւ կամ ցպկամարմիններով, որոնք տարածուած կ՛ըլլան օդին մէջ վարակուած հիւանդին հազով եւ կամ փռնգտուքով։
4. Օդի հոսանքով, այսինքն օդին մէջ գտնուող մանրէները կը ճամբորդեն տեղէ տեղ, օդի հոսանքին հետ եւ անոնք կը հասնին հեռաւոր վայրեր ու կը վարակեն առողջ անձեր։
Մանուկներու մօտ տեսնուած յաճախակի վարակները հետեւեալներն են.
1. Հարբուխ (cold)
Ասիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է եւ անոր թխսաւորումի (incubation) ժամանակամիջոցը կը տեւէ 1-3 օր։ Ժահրին մարմին մուտք գործելէն մինչեւ վարակին յայտնաբերումը ինկած ժամանակամիջոցը կը կոչուի թխսաւորումի ժամանակամիջոց։ Հարբուխը կը փոխանցուի անուղղակի ձեւով եւ օդի միջոցով՝ քիթի, կոկորդի ու բերնի հեղուկներով։ Անոր ախտանշաններն են՝ 38-39 աստիճան տաքութիւն, զօրաւոր դող, քիթի հոսք եւ խցում, փռնգտուք, թեթեւ հազ եւ կոկորդի ցաւ։ Հարբուխին դարմանումը կ՛ըլլայ՝ ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ դեղեր գործածելով եւ առատ հեղուկ խմելով։
2. Կրիփ (influenza))
Ասիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է եւ անոր փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ օդի միջոցով քիթի, կոկորդի եւ բերնի խլնաթաղանթային (mucousa) հեղուկներով, հազալով եւ համբուրելով։ Կրիփի թխսաւորումի ժամանակամիջոցը 1-3 օր է, իսկ անոր ախտանշաններն են՝ 38-40 աստիճան տաքութիւն, դող, ցնցում, քիթի հոսք, փռնգտուք, կոկորդի ցաւ, կրծքացաւ, գլխացաւ, մկանային ցաւ, չոր հազ, յոգնածութիւն եւ ախորժակի նուազում, որոնք կը տեւեն 5-7 օր։ Կրիփի դարմանումը կ՛ըլլայ պահելով մանուկը տնային հանգիստ վիճակի մէջ եւ տալով անոր հակաջերմ (antipyretic) դեղեր եւ առատ հեղուկ։ Բժշկական խնամքը յաճախ պարտաւորիչ կը դառնայ, մանաւանդ՝ բարդութիւններու պարագային. այս բարդութիւններէն կարեւորագոյններն են՝ միջին ականջի բորբոքումը, ցնցղատապը (bronchitis) եւ թոքատապը (pneumonia)։
3. Հազամղձուկ (croup)
Ասիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է. անոր ախտանշաններն են՝ հարբուխի նման ախտանշաններ, առաւել՝ ձայնի փոփոխութիւն-խռպոտութիւն (strider)։ Հազամղձուկի փոխանցումը կ՛ըլլայ օդի միջոցով, իսկ դարմանումը կ՛ըլլայ որոշ դեղերով եւ շոգիի ներշնչումով։
4. Կապոյտ հազ (whooping cough)
Ասիկա ցպկային փոխանցիկ վարակ մըն է. անոր ախտանշաններն են՝ շնչահեղձութիւն (dyspnea), փսխունք եւ երկարատեւ հազ, որ կը սաստկանայ գիշեր ժամանակ. անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 7 օր է եւ ան փոխանցիկ կը մնայ 5-6 շաբաթներ։ Դարմանումը կը կարօտի մաքուր օդի եւ հակացպկային դեղերու։
5. Մանկական ցնցղատապ (bronchitis)
Ասիկա ընդհանրապէս ժահրային եւ փոխանցիկ վարակ մըն է. անոր ախտանշաններն են՝ հազ, շնչարգելութիւն (wheeze) եւ ջերմ։ Ցնցղատապին փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ անմիջական դպչելով եւ հպումով։ Դարմանումը կ՛ըլլայ ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ դեղեր գործածելով եւ առատ հեղուկ խմելով։
6. Շառագոյն վարակ (scarlet fever)
Ասիկա կոկորդի ցպկային զօրաւոր բորբոքում մըն է։ Անոր ախտանշաններն են՝ բարձր ջերմ, կոկորդի զօրաւոր ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, նշիկներու (tonisls) բորբոքում, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում (lymphnode hypertrophy), գլխացաւ, մարմնական ընդհանուր ցաւ եւ կոտրտուք, փորի ցաւ, նողկանք (nausea), փսխունք, մարմնի եւ մասնաւորապէս կուրծքի եռք (rash), որ կը տեւէ 7-10 օր։ Ախտաճանաչումը կը կարօտի կոկորդաջնջանի (throat swab-culture)։ Դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակացպկային դեղերով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղերով։
7. Միջին ականջի բորբոքում
Ասիկա ընդհանրապէս շնչառական համակարգի եւ կոկորդի բորբոքումներուն հետեւանքն է. անոր ախտանշաններն են՝ ականջի ցաւ եւ հոսք, լսողական խանգարում, քնանալու դժուարութիւն եւ ջերմութիւն։
Դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով եւ բժշկական հսկողութեամբ։
8. Հինգերորդ հիւանդութիւն (fifth disease)
Ասիկա ժահրային մանկական շատ յաճախակի եւ փոխանցիկ վարակ մըն է. կը փոխանցուի օդի միջոցով՝ հազալով եւ կամ փռնգտալով։ Անոր թխսաւորումի ժամանակամիջոցը 10-15 օր է. իսկ ախտանշաններն են՝ քիթի հոսք, կոկորդի ցաւ, գլխացաւ եւ եռք, կարմիր մանր բշտիկներու ցան, որ կը մնայ 15 օր. անիկա նախ կը յայտնուի երեսին վրայ եւ ետքը՝ ամբողջ մարմնին վրայ, մասնաւորապէս՝ քիթին, բազուկներուն, սրունքներուն եւ յետոյքին վրայ։ Այս վարակը կը հարուածէ 4-12 տարեկան երեխաները. ան ոչ մէկ դարմանումի կը կարօտի։ Ան կրնայ պատահիլ նաեւ երիտասարդներու մօտ, սակայն անոնք կ՛ունենան նաեւ յօդացաւ։ Այս վարակը կը տեւէ 2-3 շաբաթ, իսկ անիկա կրնայ վերադառնալ, եթէ ենթական երկար ժամեր արեւուն տակ մնայ եւ կամ շատ տաք միջավայրի մէջ գտնուի։ Յղի կիներ վարակուելով այս հիւանդութեամբ՝ կրնան վիժում ունենալ։
9. Երիթ (impetigo)
Ասիկա շատ զօրաւոր ցպկային եւ փոխանցիկ մորթային վարակ մըն է։ Երիթի թխսաւորման ժամանակամիջոցը 1-10 օր է եւ կը փոխանցուի ուղղակի հպումով ու դպչելով վէրքերուն եւ թարախին։ Անոր ախտանշաններն են՝ կարմիր բշտիկներ բերնին շուրջը, քիթին եւ անութին (axilla) վրայ, ինչպէս նաեւ՝ մարմնի զանազան մասերուն վրայ։ Այս բշտիկները կը թարախոտին, շրջան մը ետք կը բացուին եւ ապա կը սպիանան 7-15 օրերու ընթացքին։ Երիթը կը դարմանուի յատուկ հակացպկային դեղերով եւ վէրքերը լուալով։
10. Ակնազօդաբորբ (conjunctivitis)
Ասիկա ակնազօդի (conjunctiva) ժահրային եւ կամ ցպկային փոխանցիկ վարակ մըն է. անոր ախտանշաններն են՝ պարզ պարագաներուն՝ աչքի կարմրութիւն, քերուըտուք եւ ցաւ. իսկ բարդ պարագաներուն՝ նաեւ թարախ ու ջերմ։ Անոր փոխանցումը կ՛ըլլայ ուղղակի դպչելով, իսկ դարմանումը կը կատարուի յատուկ դեղերով, աչքը մաքուր պահելով՝ լուալով մաքուր ջուրով։
11. Ստամոքսային հարբուխ կամ ստամոքսաբորբ (gastritis)։
Ասիկա ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է։ Անոր ախտանշաններն են՝ փսխուք, սուր փորհարութիւն, ջերմ, ախորժակի նուազում, ստամոքսի ցաւ, ստամոքսային եւ աղիքային պրկում եւ արիւնոտ կղկղանք (stool, feces)։ Անոր փոխանցումը շատ աւելի դիւրութեամբ կը պատահի մանկամսուրներու մէջ։ Ստամոքսաբորբը նուազ յաճախականութեամբ կը տեսնուի մօրը կաթով սնանող մանուկներու մօտ։ Ան կը դարմանուի յատուկ դեղեր գործածելով, առատ հեղուկ խմելով եւ պարզ կերակուրներ ուտելով։ Երկարատեւ փորհարութեան եւ փսխուքի պարագային, հիւանդ մանուկներ յաճախ կ՛ունենան ջրազրկում (dehydration)։
(Վերջը յաջորդով)