ՊՈԼԻՍ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած յանձնախումբի միակ իսլամ անդամը՝ Քիթ Էլիսըն, իր խորհրդականին միջոցով բացատրութիւն տուած է թրքական «Հապերթիւրք»ի հարցերուն։
Էլիսըն հերքած է թրքական մամուլին այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ինք քուէարկութենէն առաջ յայտնած էր, թէ բանաձեւին դէմ պիտի քուէարկէր:
Ան իր խօքին մէջ ըսած է. «Իմ կողմ քուէարկելս ուղղուած չէ թուրք ժողովուրդին դէմ։ Ես յարգանքով կը վերաբերիմ ձեր դիւանագիտութեան, որ ուղղուած է խաղաղութեան եւ համագործակցութեան։ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու բարեկամն է եւ ռազմավարական դաշնակիցը։
Ես գիտեմ, որ իմ քուէս ձեզ կրնայ հիասթափեցնել եւ անոր համար ես տխուր եմ։ Ես կը դիմեմ Քոնկրեսի իմ գործընկերներուս, որպէսզի մտածենք մեր պատմութեան մասին եւ ճանչնանք կարմրամորթներու ցեղասպանութիւնը։ Եթէ մենք կը ճանչնանք հարիւր տարի առաջ աշխարհի այդ կողմը տեղի ունեցած ողբերգութիւնը, ապա պէտք է նայինք մե՛ր պատմութեան եւս։
Ես կը դիմեմ հայ ժողովուրդին։ Մենք, ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ոչ միայն կը յիշենք եւ կը յարգենք այդ ողբերգութեան ժամանակ զոհուածները, այլ նաեւ կը հաստատենք, թէ մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող նման ողբերգութիւններու»: