Վերջին տարիներուն, Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարանները սկսած են զարգացնել բարի աւանդութիւն մը. տարուան ընթացքին, որոշ դասարաններ՝ ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակ ուսուցիչներուն, կ՛այցելեն Ազգային առաջնորդարան, կը հիւրընկալուին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, միաբան հայրերու եւ պաշտօնէութեան կողմէ, եւ աղօթքի պահէ մը ետք, իրենց ձիրքերով հաճելի պահ մը կը բոլորեն «ազգի տան» մէջ։

Այս ծիրին մէջ, Ազգ. «Ֆերահեան» երկրորդական վարժարանի Ը. կարգի աշակերտները Ուրբաթ, Փետրուար 26ի առաւօտուն այցելեցին առաջնորդարան. զանոնք կ՛առաջնորդէին իրենց դաստիարակներէն եւ ուսուցիչներէն Ազատուհի Ղազարեանը, Սեզա Քիւրտեանը եւ Րաֆֆի Յակոբեանը։ Աշակերտները կարգապահութեամբ ու լրջութեամբ ուղղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը. Առաջնորդն ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի զոյգ վարիչները՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ու Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, դիմաւորեցին աշակերտները. տեղի ունեցաւ Արեւագալի կարճ ժամերգութիւն: Ապա աշակերտները ըրին խոստովանանք ու Ս. հաղորդութիւն ստացան առաջնորդի ձեռամբ։
Նախաճաշի կարճատեւ դադարէ մը ետք, աշակերտները ծանօթացան առաջնորդարանի բաժանմունքներուն, ապա, դահլիճին մէջ առաջնորդին ու հոգեւոր հայրերուն հետ ունեցան կարճատեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնց որոշ ծանօթութիւններ տրուեցան առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Առաջնորդը նաեւ յանձնեց յուշանուէրներ։
Աւելի ուշ, հիւրերն ու հիւրընկալները հաւաքուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ուր աշակերտները ներկայացուցին խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ցուցադրելով իրենց տաղանդներն ու հայ մշակոյթին հետ հաստատուած կապը. այս իրողութեանց արտայայտութիւններէն էին արտասանութիւններ, կիթառի ու դաշնակի վրայ նուագներ եւ հայկական մենապար մը։ Յայտագիրը վարեցին նոյնինքն աշակերտները, որոնք գոհունակութիւն յայտնեցին այցելութեան ու հիւրընկալման մասին, նշելով, որ այս օրը իրենց համար ուխտագնացութեան օր է ու յիշատակելի պիտի մնայ իրենց հոգիներուն մէջ։ Անոնք նաեւ առաջնորդին համար պատրաստած էին գեղեցիկ նուէր մը՝ իրենց ձեռակերտը եղող նկար մը։ Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտէն ետք, հայր Պարթեւ աշակերտներուն խօսեցաւ քրիստոնէավայել կեանքի մը արժանիքներուն ու բարիքներուն մասին, ապա նաեւ պատասխանեց աշակերտներուն համար հետաքրքրական հարցումներուն։

Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը. ան նկատել տուաւ, որ այցելութիւնը կը զուգադիպի Մեծ Պահոց շրջանին, խօսեցաւ պահեցողութեան իմաստին ու բարիքներուն մասին եւ մաղթեց, որ մեր բոլոր աշակերտները իրենց կեանքերը կերտեն՝ իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ ու մեր ազգային ժառանգութեանց հաւատարիմ հայորդիներ։
Աւելի քան երկու ժամ տեւած այցելութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» եւ «Մեր Հայրենիք» երգերով։