ՍՕՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանը 30 տարիներէ ի վեր կը գոյատեւէ՝ ջամբելով հայեցի կրթութիւն եւ հայ մշակոյթ: Դպրոցս միշտ կը յիշէ ազգային եւ կրօնական տօները եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարէ։ Վարդանանց տօնին առիթով զգալի էր Վարդանանցի յատուկ մթնոլորտը դպրոցին մէջ։ Բակին մէջ զետեղուած ցուցափեղկին վրայ աչքառու էր Վարդանի եւ իր զինակիցներուն նկարները եւ պատմական դէպքերու բացատրութիւնները։
Այս առթիւ, Չորեքշաբթի Փետրուար 10ին, 5րդ դասարանի աշակերտները հրաւիրուեցան «Կարօ Հզօր» տարեցներու առողջապահական կեդրոնը՝ ներկայացնելով Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» խմբային արտասանութիւնը եւ Վարդանանց պատերազմէն կենդանի պատկերներ։ Մեր պապիկներն ու մամիկները հրապուրուած եւ ուշադիր հետեւեցան սոյն յայտագիրին եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին ծափողջիւններով։
Հինգշաբթի, Փետրուար 11ի կէսօրէն սկսեալ, ծնողներու եւ բարեկամներու գալուստը ակներեւ էր. անոնք եկած էին ճաշակելու թարմ ծոթրինով եւ պանիրով շաղախ-ուած հացը, ու անհամբեր էին ականատես եւ ականջալուր ըլլալու իրենց զաւկանց ներկայացնելիք յայտագիրին։ Յայտագիրին բացումը կատարեց վարժարանիս տնօրէն Շահէ Կարապետեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ապա ձեռնարկին բացման աղօթքը կատարեց բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը։
Յայտագիրը յաջորդաբար կատարեցին նախադպրոցական, մանկապարտէզի, Ա., Բ., Գ., Դ. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, որոնք իրենց խմբային արտասանութիւններով եւ խմբերգներով հանդէս եկան Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ զօրքին գովքը կատարելով։ Այժմ ժամանակը հասած էր դիտելու կենդանի պատկերը Վարդանանց պատերազմէն։
Կ՛արժէ շնորհաւորել 5րդ դասարանի աշակերտները, որոնք զգեստաւորուած էին Վարդանանց խորհրդանշող տարազներով, սաղաւարտներով, վահաններով եւ սուրերով։ Բոլորն ալ մեծ ինքնավստահութեամբ անսխալ արտասանեցին իրենց վստահուած բաժինները, ուր զգալի էր իրենց ներշնչումը Վարդանի ոգիով:
Ապա հայկական պարի ներկայացման կարգն էր. խումբ մը աշակերտներ հեզաճկուն շարժումներով փայլք տուին ձեռնարկին։ Վերջին երգն էր «Հզօր Հայաստանը», որ երգուեցաւ երեք աշակերտներու կողմէ՝ տաքուկ մթնոլորտ մը ստեղծելով։
Ծնողները վայելեցին իրենց զաւակները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ գոհացուցին ներկաները՝ վերանորոգելով իրենց ուխտը՝ մնալու տիպար հայեր, շարունակելու տիրանալ հայ լեզուին, հայոց պատմութեան եւ կրօնքին, ըլլալու ապագայի յաջող առաջնորդներ։ Յայտագիրի փակման խօսքը կատարեց Սօնա Պատալեանը՝ քաջալերելով փոքրիկները իրենց յաջող մասնակցութեան համար։
Ներկաները անուշեղէնով քաղցրացած բաժնուեցան դպրոցէն, գոհունակ սրտով եւ լիցքաւորուած հայաշունչ ոգիով։
Վարձքը կատար հայերէն լեզուի դասատուներուն, երաժշտութեան ուսուցիչներուն, որոնք իրենց աշխատանքը չէին խնայած՝ ներկայացնելով այս յաջող յայտագիրը։ Ուսուցիչնե՛ր, արժանի է՛ք գնահատանքի։