Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստանի հայատրոփ սրտին մէջ ծնունդ առած եւ հայավայել ընթացքով հասակ նետած Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը 40 տարեկան դարձաւ։ Սփիւռքի հայակուլ մթնոլորտին մէջ յաղթական եւ հպարտառիթ իրականութիւն մըն է այս յաջողութիւնը։ Առ այդ, տօնական օր մը ապրեցաւ «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքը Մարտ 6, 2010ին, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ծնողներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու հետ միասին։
Տօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըս downtown-ի «Vibiana» շքեղ սրահէն ներս։ Հանդիսութեան ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային վարժարաններուն Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս գործող մամուլի, կրթական հաստատութիւններու, ուղեկից միութիւններու, հայրենակցական միութիւններու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու տարիներ շարունակ իրենց զօրակցութեամբ քաջ յայտնի՝ դպրոցի վերելքին միշտ աջակցող բարերար ազգայիններ։

Խիստ քաջալերական երեւոյթ էր մեծ թիւով ուսուցիչներու մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նորակազմ Շրջանաւարտից միութեան ջանքերով՝ «Փիլիպոս»ի հոծ թիւով շրջանաւարտներու ներկայութիւնը։
Այս առթիւ, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասէն յղած էր իր Հայրապետական կոնդակը՝ վարժարանիս յաղթական երթը շնորհաւորելու եւ նորանոր յաջողութիւններ ու վերելքներ մաղթելու համար։
Հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատքը ունեցող բազմութիւն մը հաւաքուած էր տօնելու 40 տարեկան «Փիլիպոս»ի տարեդարձը։ Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան վարժարանի Ուսումնական մարմինի եւ 40ամեակի ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մէրի Տէմիրճեանը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Մարք Կէտիկեանը, վարժարանիս ժրաջան տնօրէն Նազօ Աբանեանը եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։
Վարժարանի 40ամեակը շնորհաւորելով, եւ անոր աշխատանքներուն նոր ընթացք ու ծաւալ տալու համար, ազգայիններ խոր գիտակցութեամբ ու Հայ վարժարանի ապագային հաւատալով՝ 130,000 տոլարի գումար նուիրաբերեցին։ Հարկ է յիշել, թէ երկար տարիներու «Փիլիպոս»ի վաստակաշատ նախկին տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը, իր եղբօր՝ Վահէ Եագուպեանի հետ միասին, վարժարանին նուիրեց 25,000 տոլար՝ հովանաւորելով դպրոցի տեսչարանի բաժինը։
Յաղթական երթ եւ կանաչ ճանապարհ շա՛տ սիրելի «Փիլիպոս»ին։