ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, 2009ին Ղարաբաղ այցելած օտարներուն ընդհանուր թիւը՝ 2008ի համեմատ, աւելցած է 10 տոկոսով՝ հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին:
Նշենք, որ անցեալ տարի առաջին անգամ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են զբօսաշրջիկներ Մոզամպիքէն, Կույանայէն, Մորիթանիայէն, Վենեզուելլայէն: Այցելուներուն մէջ գերակշռող են Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Իրանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ, Գանատայի, Իտալիոյ, Լեհաստանի, Հնդկաստանի, ԱՊՀ երկիրներու՝ մասնաւորապէս Ռուսիոյ եւ Թուրքմէնիստանի քաղաքացիները:
Տուեալները կը վկայեն, որ օտարները հետզհետէ աւելի կը հետաքրքրուին Արցախով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.