ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մարտ 4ին, ՀԵԴն ցոյց մը կազմակերպած է Նիւփորթ Պիչի «Փըսիֆիք քլապ»ի առջեւ (4110 Macarthur Blvd.), ուր «World Affairs Council»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք ձեռնարկի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի դերակատարութեան մասին ելոյթ մը պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Էլին Սուլէյմանովը:
![march4protestposter[1]](https://www.asbarez.com/arm/wp-content/uploads/2010/03/march4protestposter1.jpg)
Ցոյցի կազմակերպիչներէն Գասպար Ճիւալակեան կը յայտնէ, թէ այս օրերուն, երբ Ատրպէյճան կը շարունակէ դէմ դնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն, եւ կը դիմէ սպառնալիքիներու ու շրջափակման ոճին, պէտք է ամբողջ ուժով դէմ դնել սուտեր տարածելու Պաքուի փորձերուն:
Ցոյցը նաեւ կը զուգադիպի Սումկայիթի ջարդերու 22րդ տարելիցին, որուն առթիւ ցուցարարները նաեւ հայերու դէմ Ատրպէյճանի իշխանութեանց ջարդարար արշաւին նախաքայլը հանդիսացող այդ սպանդը դատապարտող կոչեր պիտի ընեն: