ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Լոս Անճելըս հաստատուած «World Childrens Transplant Fund» ոչ շահաբեր կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, յառաջիկային Լոս Անճելըս պիտի ժամանեն Հայաստանէն երկու վիրաբոյժներ, վեցամսեայ փորձառական շրջան մը անցնելու համար Լոս Անճելըս գաւառի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի միացեալ հիւանդանոցին մէջ:
Վիրաբոյժներ Գեղամ Պօղոսեան եւ Դաւիթ Դալլաքեան իրենց կեցութեան ընթացքին մօտէն պիտի ծանօթանան պատուաստումներու նորագոյն հնարքներուն, այդ գիտութիւնը Հայաստան փոխանցելու նպատակով:
«World Childrens Transplant Fund» կազմակերպութենէն Վէլըրի ՄըքՔէֆրի կը յայտնէ, թէ Հայաստանի մէջ ամէն տարի երեխաներ կը մահանան, պատուաստումի մասնագէտ վիրաբոյժներու անբաւարարութեան պատճառով: Հայկական ծագում ունեցող ՄըքՔէֆրի կը յայտնէ, թէ կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ կեդրոն մը բացած է արդէն՝ օժանդակութիւններ տրամադրելով Հայաստանի բժիշկներուն: Ըստ անոր, նման կեդրոններ գոյութիւն ունին Մեքսիքայի, Արժանթինի եւ Քոսթա Ռիքայի մէջ:
ՄըքՔէֆրի կը յայտնէ, թէ կազմակերպութիւնը նաեւ յատուկ աշխատանք տարած է, որպէսզի օրկաններու վաճառքը արգիլուի, յայտնելով, թէ նուիրատուները նիւթական վարձատրութիւն չեն ստանար:
Հայկական միացեալ հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան կ՛ողջունէ սոյն նախաձեռնութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ անոր միջոցաւ կարելի կ՛ըլլայ բժշկական արդիական ճարտարագիտութիւնը Հայաստան հասցնել: