ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ
ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղը, Շաբաթ, Փետրուար 27, 2010ին կը նախաձեռնէ կազմակերպման տարեկան նորաձեւութեան ցուցահանդէսի 23րդ ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Հիլթըն» շքեղ պանդոկի սրահին մէջ։

«Սիփան» մասնաճիւղի տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկը կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկն է։ Նորաձեւութեան ցուցահանդէսի յանձնախումբի ատենապետուհի Ժարմէն Միրազախանեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի ու վարչութեան ժրաջան աշխատանքով ու նուիրուածութեամբ կը նախատեսուի հանգանակել գնահատելի գումար մը։ Իւրաքանչիւր տարի ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերէ շուրջ 450 հոգի։
Հագուստներու նորաձեւութիւնը պիտի ցուցադրեն Kevin Hall-ի ճաշակաւոր եւ գեղեցիկ «մոտըլ»ները, որոնք կը հետեւէին Գարին Հոլմենասի ուղղութեան։ Տեղի պիտի ունենան գեղեցիկ անակնկալներ։
Ամէն տարի ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղը ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ սատարելու համար բարեսիրական եւ մարդկային զանազան կարիքներու՝ գաղութէն թէ Հայաստանէն ներս։ Կամաւոր անդամ ընկերուհիները իրենց ճիգը չեն խնայեր ծառայելու հայ եւ ամերիկեան կնոջական զանազան կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ YWCA, Կլենտէյլի կանանց յանձնաժողով, Casps եւ Path Achieve։ «Սիփան» մասնաճիւղը ունի շաբաթօրեայ վարժարան մը, ուր կը յաճախեն 80 երեխաներ՝ սորվելով հայկական պատմութիւն, սովորութիւններ եւ գիտելիքներ։
ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղը շնորհակալութիւն կը յայտնէ գաղութի բոլոր հովանաւորողներուն եւ անհատներուն, որոնք սատար կը հանդիսանան եւ յաջողութեամբ կը պսակեն մասնաճիւղի բոլոր ծրագիրները։
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի կապուիլ ընկհ. Էօժէնի Յովսէփեանին՝ հեռաձայնելով (818) 246-3750 թիւին, ապահովելու համար իրենց տեղերը։
Յաջողութիւն եւ վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն։
Մարգարիտ, Գինի,
Շարժապատկեր
Սոյն ինքնատիպ խորագրով ՀՕՄԻ «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած երեկոյթը կայացաւ Յունուար 31ին, մասնաճիւղի անդամուհի Ատրինէ Սարաջեանի հիւրընկալ ու հայ անցեալի յիշատակներով շնչող բնակարանում՝ ներկայութեամբ շուրջ վաթսուն ՀՕՄուհիների եւ բարեկամների։
Երեկոյթի մասնակիցները, ովքեր կրում էին մարգարտեայ զարդեր, հիւրասիրուեցին գինիով, ապա խօսք առաւ «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, ով ողջունեց ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանին, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ընտանիքին եւ մասնակիցներին։ Խօսք առաւ նաեւ երեկոյթին ներկայ, Կլենտէյլի Դպրոցների միացեալ կրթաշրջանի անդամ Նայիրի Նահապետեանը, ով գնահատելով ՀՕՄի գործունէութիւնը՝ կոչ ուղղեց շարունակել նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցոյց տալ իրեն՝ յառաջիկայ ընտրութիւններին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի թափուր մնացած աթոռը գրաւելու համար, եւ աւելացրեց. «Լենա Պօզոյեանի հետ համատեղ աշխատած ենք, եւ ես այս պաշտօնին հասած եմ, որովհետեւ դուք ճամբայ բացած էք ինծի համար։ Քալիֆորնիայի նահանգային խորհուրդը ութսուն աթոռ ունի, եւ հայ համայնքը արժանի է այդ աթոռներէն մէկը ունենալու»:
Օրուան նշանաբան ընտրուած «մարգարիտ քար»ի մասին տեղեկութիւններ հաղորդեց Լենա Պօզոյեանը. «Հաւանութիւն տալով մասնաճիւղի ատենադպրուհի Մարալ Թուլումեանի առաջարկին՝ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տանք մարգարիտի մասին։ Մարգարիտ կարելի է գտնել ծովային ոստրէի խեցիին մէջ. անոնք տարբեր գոյնի եւ ձեւի են՝ սեւ, ճերմակ, եւ ունին տարբեր ձեւեր։ Հնդկական եւ չինական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ ցածր դասակարգի մարդկանց արտօնուած չէր մարգարիտ կրել։ Անցեալ դարասկզբին ճափոնացի գիտնականներ յեղափոխութիւն յառաջացուցին մարգարիտի աշխարհին մէջ՝ ստեղծելով արհեստականօրէն մշակուած մարգարիտ»:
Հայոց քով նոյնպէս մարգարիտը դիտուել է որպէս արքայավայել թանկարժէք քար։ Յիշենք հայկական ժողովրդական բանահիւսութիւնից մի պատառիկ՝ Արտաշէս թագաւորի պսակադրութեան մասին.
Տեղ ոսկի տեղայր ի փեսայութեան Արտաշէսի,
Տեղայր մարգարիտ ի հարսնութեան Սաթինկան։
ՀՕՄուհի Վարուհի Շահինեան, ում ձայներիզից գոյացած գումարը պիտի նուիրուի ՀՕՄի հարիւրամեակին, ճոխացրեց երեկոն մի շարք երգերի կատարմամբ:
«Սիփան» մասնաճիւղի կողմից Մարալ Թուլումեան ծաղկեփունջ մատուցեց Ատրինէ Սարաջեանին, առ ի գնահատանք նրա եւ նրա ողջ ընտանիքի ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան համար, որի շնորհիւ երեկոյթը անցաւ հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտում եւ պսակուեց յաջողութեամբ։
Երեկոն ամբողջացաւ Միքայէլ Պօղոսեանի «Բարի գալուստ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, որին բերած իր օժանդակութեան համար «Սիփան» մասնաճիւղի կողմից Աիդա Պապայեան մի շիշ գինի նուիրեց Հրաչ Հինդլեանի։ Ազգային միասնականութեան տեսանկիւնից դաստիարակչական նշանակութիւն ունեցող ֆիլմը պատմում է տարբեր երկրներում ապրող, տարբեր աշխարհընկալում ունեցող հայերի մասին, որոնց միացնողը Հայաստանն է եւ հայրենի հողի ուժը։
«Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպել էր գնահատանքի արժանի բովանդակալից մի ձեռնարկ, ուր նրբաճաշակութիւն կար թէ՛ մարգարիտով զարդարուած հիւրասեղանի, թէ՛ ուտեստեղէնի եւ ընդհանրապէս ողջ յայտագրի մէջ. գովելի գաղափար էր քով քովի բերելը ՀՕՄուհիներին, հմտօրէն զուգակցելով հաճելին օգտակարի եւ ուսանելիի հետ։