Հայ կանանց միջազգային միութիւնը (AIWA) կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է արդէն դիմումնագիրները ստանալու 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանի կրթանպաստներուն, որոնք տրամադրելի են իգական սեռի հայ ուսանողներու:

Միութիւնը 500 տոլարէն սկսեալ մինչեւ 10,000 տոլարի կրթանպաստներ կը տրամադրէ զանազան ճիւղերու մէջ: Կրթանպաստներու դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Ապրիլ 6, 2010:
Կրթանպաստներուն եւ միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրներ ստանալու համար, այցելել www.aiwa-net.org համացանցային կայքը, հեռաձայնել (617) 926-0171 թիւին, կամ դիմել հետեւեալ հասցէներուն՝ 65 Main St., #3A, Watertown, MA ու AiwaInc@aol.com: