Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը յայտարարէ, որ սկսած է ընդունիլ 2010-2011 կրթական տարեշրջանի «Երեմեան» Կրթաթոշակի դիմումնագիրները։ Այս կրթաթոշակին կրնան դիմել բոլոր այն ուսանողները, որոնք աւարտած են արդէն համալսարանական ուսման իրենց առաջին տարին։
«Թէեւ տնտեսական տագնապը ծանր ազդած է մեր վրայ, սակայն կրթաթոշակի յատկացումին միայն նիւթական դիտանկիւնէ կարելի չէ մօտենալ. ՀՕՄի առաքելութեան մաս կը կազմէ անիկա։ Այս համոզումով է, որ Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց այս տարի եւս ընդունիլ Երեմեան Կրթաթոշակի դիմումնագրեր», յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան քարտուղար Մայտա Մելքոնեանը։
ՀՕՄի Երեմեան Կրթաթոշակի դիմումնագիրները, դիմումի պայմաններն ու պահանջուած յարակից փաստաթուղթերու ցուցակը կարելի է ստանալ ՀՕՄի Շրջանային եւ Մեկուսի մասնաճիւղերու վարչութիւններէն։ Ամբողջացած դիմումնագրերը եւս պարտին ներկայացուիլ Շրջանային ու Մեկուսի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն։
«Կոչ կ՛ուղղենք նուիրատուներուն, որպէսզի ուռճացնեն կրթական մեր անձեռնմխելի ֆոնտը, որուն հասոյթով 1955էն ի վեր կանոնաւոր կերպով համալսարանական կրթաթոշակներ տրամադրած ենք թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ հայրենի տարածքներէ ներս ապրող ուսանողներու», եզրափակեց Մայտա Մելքոնեանը։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու, ՀՕՄի տեղական միաւորներու կապի տուեալներուն կամ նուիրատուութեան համար կարելի է այցելել ՀՕՄի կայքէջը՝ www.ars1910.org հասցէով։
Նշենք, որ ՀՕՄի զանազան միաւորներ իրե՛նց կարգին համալսարանական կրթաթոշակի թէ կրթական այլ նպատակներով յատկացումներ կը կատարեն, որոնց կարելի է ծանօթանալ տուեալ միաւորներու կայքէջերէն։