ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ, ատրպէյճանցիներուն կողմէ արձանագրուած է հրադադարի խախտման 76 դէպք՝ հարաւ-արեւելեան, կեդրոնական, հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով:
Հրադադարի խախտման դէպքերը մեծաւ մասամբ նկատուած են հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան շփման գիծերուն վրայ: Միայն Փետրուար 14-15ին, Հորադիզի ուղղութեամբ նկատուած է 17 նշեալ դէպք:
Շնորհիւ ԼՂՀ պաշտպանական բանակի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն, թշնամին դադրեցուցած է կրակը: Նշենք, որ ղարաբաղեան կողմը վնասներ չէ կրած: