ԵՐԵՒԱՆ.- Վանքուվըրի 21րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի մարզիկները, մարզիչները եւ պաշտօնեաները, Փետրուար 15ին հանդիպած են Գանատայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նշենք, որ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը իջեւանած է Վանքուվըրէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ուիսլըր քաղաքը, ուր հաստատուած են խաղերու դահուկային ու լեռնադահուկային մարզաձեւերու մասնակիցները՝ Խորուաթիոյ, Հարաւային Քորէայի, Մոլտովայի եւ Վրաստանի խումբերուն հարեւանութեամբ: