ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, Փետրուար 12 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ ինք նեցուկ կը կանգնի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումը աւելի հաւասարակշռուած եւ թափանցիկ դարձնելու գաղափարին, որպէսզի համայնքը արդարօրէն ներկայացուի ամերիկեան իշխանութեանց:
Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց հետ իր յարաբերութիւնները միշտ հիմնած է այն սկզբունքին վրայ, թէ՝ հոն պէտք է ներկայացուին հայութեան գլխաւոր բոլոր կազմակերպութիւնները, յարգելով համայնքին բազմազանութիւնը եւ զայն հարստութիւն մը նկատելով: Հայ Դատի յանձնախումբը, միաժամանակ, կը հաւատայ, որ հայկական համայնքը շատ աւելի ազդու պիտի ըլլայ, երբ իբրեւ միացեալ ճակատ ներկայանայ:
Դժբախտաբար սակայն, վերջին իրադարձութիւնները, որոնք կապուած են Քլինթընի եւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումին, ցոյց տուին, թէ համայնքին միւս ներկայացուցիչները այս համոզումով չեն գործեր:
Մինչ այս հարցին շուրջ ծագած վէճը նպաստաւոր չէ, սակայն ան յստակօրէն ցոյց կու տայ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական համագումարին (Էսեմպլի) աշխատելու ոճին տարբերութիւնը:
Մինչ Հայ Դատի յանձնախումբը կը փորձէ իրարու քով բերել հիմնական արժէնքերու շուրջ համաձայնող տարբեր հոսանքներէ մարդիկ, «Էսեմպլի»ն կը ներկայացնէ փոքր շրջանակի մը շահերը:
Գործելաոճի տարբերութիւնները աւելի բացայայտ դարձած են այս հանդիպումին պատճառով, որովհետեւ մինչ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը փորձէ աւելի ներկայացուցչական հանդիպում մը իրականացնել Քլինթընի հետ, Հայկական համագումարը եւ ՀԲԸՄը կը փորձեն այլ կազմակերպութեանց մասնակցութեան դէմ դնելով՝ իրենց դիրքը աւելի զօրաւոր դարձնել:
Յիշեցնենք, թէ խնդրոյ առարկայ հանդիպումը, որ պիտի կայանար Փետրուար 9ին, յետաձգուեցաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընը հարուածած ձիւնամրրիկին պատճառով:
Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարած էր, թէ յետաձգումը առիթ մըն է նախարարութեան, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկէ հրաւիրեալներուն ցանկը, որ քննադատուած էր միակողմանի ըլլալուն պատճառով: Արդարեւ, հրաւիրեալներուն մեծ մասը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նեցուկ կանգնող կազմակերպութիւններ են: