ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ճարպիկութիւն եւ լարախաղացութիւն տեղ մը իրարմէ փոքր նրբութեամբ տարբերութիւն մը պէտք է ունենան: Դաստիարակ ուսուցիչներն անգամ ճարպիկ աշակերտները կը գնահատեն, անոնց մէջ միշտ տեսնելով յառաջդիմութեան ձգտում, ուշիմութիւն, ընդառաջում, եւ արագաշարժութիւն: Հակառակ այս իրողութեան, ճարպիկութիւնը միշտ ժխտական ներկայացուած է, որովհետեւ իր տեղին չէ՛ գործածուած այս բառը, եւ ընդհանրապէս մարդոց մտքին մէջ շփոթուած եղած է լարախաղացութեան հետ:
Վերջին այս բառը թէեւ կրկէսային ելոյթներու ընթացքին ամուր ձգուած մետաղեայ պարանի մը վրայ իր հաւասարակշռութիւնը պահելով երթուդարձ ընող մարզուած անձի մը ներկայացուցած արուեստին անունն է, սակայն միաժամանակ մեր լեզուին մէջ նկարագրային որոշ գիծ մը խորհրդանշելու իմաստով եւս կը գործածուի: Անիկա կը տրուի իբրեւ ածական այնպիսի մարդոց, որոնք սեփական շահու հետապնդումով, լարախաղացի մը պէս աջ ու ձախ կը տատանին միեւնոյն պարանին վրայ, ջանալով թէ՛ աջ եւ թէ ձախ կողմին «համամտութիւնը ստանալ», անցնելու համար միւս կողմը՝ իրենց նպատակին, որ անպայման իրենց շահը պիտի ըլլայ միաժամանակ:
Բայց ի՞նչ է տարբերութիւնը այս երկուքին: Ճարպիկութիւնը յաջողութեան բանալին նկատուած է, եւ դրականօրէն ըմբռնուած՝ այնքան ատեն որ ուրիշին վնաս չի հասցըներ: Նոյնպէս ալ լարախաղացութեամբ, մարդ կրնայ իր նպատակին հասնիլ՝ յաջողութիւններ ձեռք ձգել, շահեր ապահովել, կեանքի որոշ մակարդակ մը նուաճել, մէկ խօսքով իրագործումներ կատարել: Սակայն, ճարպիկութեան բնատուր կարողութեամբ դէպի յաջողութեան ձգտումէն տարբեր, լարախաղացութիւնը անսկզբունք յառաջդիմութիւն մըն է, որուն առաջին ու հիմնական թերութիւնը, միջոցներու եւ ան-ձերու միջեւ խտրութիւն չի դնելու անխոհեմութիւնն է:
Ճարպիկ մարդը մինչ հաշուի կ՛առնէ իր բարեկամութիւնները եւ ըստ այնմ կը տնօրինէ իր ծրագիրներն ու աշխատանքները, լարախաղացը ընդհակառակն, ամէն բարեկամութիւն մէկդի դրած, ասոր ալ քթին կը խնդայ, միւսին ալ, նպատակադրած ըլլալով ի՛ր սեփական շահը ձեռք ձգել, որ գերիվեր կը նկատէ փոխ-յարաբերական կեանքի ամէ՛ն տեսակ օրէնքէ ու ընդունուած կանոնէ: Լարախաղացին ընդունած օրէնքով, անկեղծութիւնը կրնայ կեղծիքի փոխուիլ, սուտը իրաւի պէս կրնայ վաճառուիլ, ճերմակը սեւ կրնայ դառնալ, պարկեշտը՝ անպարկեշտ, բարին՝ չար, եւ այսպէս շարունակաբար: Ամէն սկզբունք կրնայ խախտել լարախաղացը, նպատակ ունենալով «պարանին վրայ քալել»: Ճիշդ կրկէսային ելոյթներով հանդէս եկող լարախաղացին պէս, այս ալ կ՛ունենայ վար իյնալու պահեր, երբ հաւասարակշռութիւնը յանկարծ չի յաջողիր պահպանել: Սակայն շուտով ինքզինք կը վերագտնէ, ու մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ թեքելով իր մարմինը, դարձեալ կը շարունակէ իր քալուածքը պարանին վրայ: Տեսնուած է նաեւ, որ լարախաղացը երբեմն կ՛արագացնէ իր քայլերը պարանին վրայ: Ոմանք վախի արդիւնք կը համարեն այդ արագ շարժումը, ուրիշներ ալ ինքնավստահութեան: Ինչ ալ ըլլայ թեր ու դէմ կարծիքներու պատասխաններուն համեմատութ-թիւնը, մէկ բան յայտնի է, որ երեքուկէսէն հինգ մեթր բարձրութիւն ունեցող պրկուած պարանին վրայէն քալող մարդուն սրտէն կարելի չէ՛ վար իյնալու վախը փարատել:
Նոյնպէս ալ, նկարագրով լարախաղաց մարդիկ ինչքան ալ փորձեն տպաւորել իրենց շրջապատը ինքնավստահ երեւելով, չեն կրնար թաքցնել այն մնայուն վախը, որ իրենց նկարագրին բացայայտումով ի յայտ գալիք հիասթափութեան մտահոգութենէն կը ծնի, եւ որ գիշեր ու ցերեկ կը կրծէ իրենց հոգին: Նոյն վախը միթէ՞ չ՛երեւիր լարախաղացի մը աչքերուն մէջ, երբ կրկէսը դիտող բազմահազար աչքերու հայեացքին տակ, քրտնաթոր տագնապահար դէմքով, իր ջղուտ ոտքերը իրարու ետեւէ զգուշութեամբ կը տեղափոխէ այնքան երկար թուացող պարանին վրայ:
Ճարպիկութեան սահմանները յստակ են ու ընդհանրապէս բարենպատակ: Անոր մէջ կայ երբեմն սրամտութիւն, արագաշարժութիւն ու հաճոյք: Մինչ լարախաղացին ամէն քայլափոխին հետ՝ առաւել տատամսում, երկչոտութիւն ու մանաւանդ նենգամտութիւն: Արտաքին աշխարհին կամ շրջապատին ինքզինք լաւ ցոյց տալու լարախաղացին բարդոյթը, անոր ամբողջ կեանքը կը դարձնէ Ժամանակի կորուստ մը լոկ, որուն թէեւ կը յաջողուի որոշ ձեռքբերումներ կատարել, սակայն միշտ սահմանափակուած իր անձի նեղ շրջագծին մէջ, առանց օգտակարութիւն մը ունենալու մարդկութեան:
Փոխյարաբերական կեանքի մէջ մարդոց նկատմամբ արտօնելի է զանազան մօտեցումներ որդեգրել: Սակայն կրօնական առումով, մարդ-Աստուած յարաբերութեան պարագային կարմիր գիծեր կան, որոնք կարելի չէ խաչաձեւել ու անցնիլ: Այսպէս, Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը լարախաղացութեամբ կարելի չէ իրագործել: Մարդիկ կրնան խաբուիլ, սակայն Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը յստակութիւն կը պահանջէ: Կա՛մ Աստուծոյ հետ ես, կամ՝ հակառակը: Չե՛ս կրնար միաժամանակ Իր հետ ըլլալ եւ չըլլալ: Չե՛ս կրնար Անոր տալ այն պատճառաբանութիւնները, որ բարեկամներուդ կու տաս կեանքի մէջ, համոզկեր խօսքերով կամ բացատրութիւններով: Աստուած չի՛ խաբուիր:
Ընկերային կեանքի մէջ, լարախաղացներ իրենց ծրագիրները յաջողցնելու համար միջոցներու ու անձերու միջեւ առանց խտրութիւն դնելու շահեր ապահովելէ ետք, կը յանդգնին նաեւ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան մէջ նոյն միջոցին դիմել: Մեղանչումին անորակելի տեսակն է այս, որուն մեղքի սահմանումը տակաւին չէ կատարուած: Իրենց գործին յաջողութեան համար ոչ միայն բարեկամութիւններ, այլ մինչեւ իսկ հարազատներու անվտանգութիւնը զիջած լարախաղացներ, պոչը դուրս ձգած մկնիկի նման, Աստուծոյ հետ խաղ ընել կը յանդգնին: Աստուծոյ ծանօթ են մարդկային խաղերը: Ամէնէն անհեթեթը այն է, որ մարդոց երեսին իրենց խօսած սուտերը, անոնք նաեւ Աստուծոյ կը խօսին, Անոր լռութիւնը շահագործելով, եւ իրենց նպաստաւոր կացութիւնը իբրեւ ճշմարիտ պարագայ Աստուծոյ ներկայացնելով:
Ճարպիկ, սակայն հաստատակամ հետեւորդներ կը փնտռէ Յիսուս: Այդպէս եթէ չըլլային իր աշակերտները, Քրիստոնէութիւնը այսօրուան իր նուաճումները արձա-նագրած չէր ըլլար: Տասներկուքէն մէկը միայն ճարպիկութեան սահմանը անցաւ ու լարախաղաց դառնալով տուժեց՝ Յուդան: Իր Վարդապետին բարեկամութիւնը վաճառեց, կարծելով որ զԱյն մատնելով հանդերձ, պիտի կարենայ տակաւին շարունակել իր բարեկամութիւնը Անոր հետ: Կեղծ համբոյրը ատոր նշանն էր: Սակայն սխալեցաւ: Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը մէկ ուղղութիւն կ՛ենթադրէ. կա՛մ Իր հետը, կամ՝ Իրեն հակառակը:
Յիսուսի վարդապետութեան մէջ եւս կը հանդիպինք ճիշդ այս գաղափարին, երբ կ՛ըսէ թէ մարդ չի՛ կրնար երկու տէրերու ծառայել, կա՛մ մէկը պիտի սիրէ ու միւսը ատէ, կամ մէկը պիտի մեծարէ ու միւսը արհամարհէ (Հմմտ Մտ 6.24):
Հիմա որոշէ՛ թէ Յիսուսի հե՞տ ես, թէ Անոր հակառակ: Մէջտեղը տեղ մը չե՛ս կրնար ըլլալ: Լարախաղացութիւնը այստեղ արժէք չունի: