ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին, Ցիւրիխի վճռաբեկ ատեանը որոշած է անփոփոխ պահել Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան ղեկավար գործիչ Տողու Փերինչեքի երեք համախոհներուն դէմ դատավճիռը։
Անոնք դատապարտուած էին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ ցեղապաշտութեան դէմ երկրին օրէնքները խախտելու յանցանքներով:
Զուիցերիոյ քաղաքացի երեք թուրքերը դատապարտուած էին Յուլիս 2007ին, Վինթերթուր քաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութիւնը «միջազգային պատմական սուտ մը» որակած ըլլալու յանցանքով:
Գլխաւոր մեղադրեալ՝ 59ամեայ Ալի Մերջան, որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութիւնը, ենթարկուած էր 4500 զուիցերիական ֆրանք տուգանքի, իսկ անոր համախոհները, որոնք վերոյիշեալ հաւաքի կազմակերպիչներն էին՝ 3600ական զուիցերիական ֆրանք տուգանքի։
Յիշեցնենք, թէ Տողու Փերինչեք, որ ներկայիս ազգայնամոլներու «Էրկենեքոն» ահաբեկչական խմբակին հարցով ամբաստանեալներէն մէկն է, 2008ին նման պատիժի մը ենթարկուած էր Զուիցերիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար:
Զուիցերիա-Հայաստան միութեան ատենապետ Սարգիս Շահինեան ողջունած է վճռաբեկ ատեանին որոշումը՝ զայն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու թրքական փորձերուն դէմ կարեւոր քայլ մը նկատելով: