ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքը սկսած էր լուրջ պատրաստութիւններու հիման վրայ։ Այս նպատակով իր շատ կարեւոր ներդրումը ունեցած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, որ «Հայճար» հայ ճարտարապետներու միութեան ու «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկի հետ գործակցելով, ձեռնարկած էր եկեղեցին նորոգելու լայնածաւալ ու բազմածախս աշխատանքին։ 2009ի վերջաւորութեան, նորոգութեան լաստակները տեղադրուած էին արդէն եւ առաջին միջամտութիւններով ապահովուած էր եկեղեցւոյ մնացեալ մասերուն փլուզումի վտանգին մեկուսացումը։
Քննարկելու համար կատարուած աշխատանքին այժմու փուլը՝ եկեղեցի միօրեայ այցելութիւն մը տուին Վարդգէս Էրկիւն, Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադիր Կարապետ Փայլան, «Հայճար»ի անդամ Պարետ Պինաթլը, «Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա եւ նոյն հիմնարկի անդամներէն՝ Շէհմուզ Տիքէն։
Աւարտին, այցելուները ստուգեցին աշխատանքներուն հիմնական կէտերը եւ շինարարութեան հետ կապուած հարցեր: