ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջին անգամ ըլլալով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի ճամբորդական տարեկան ցուցահանդէսին՝ «Los Angeles Times Travel and Adventures Show»ին ընթացքին, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները ներկայութիւն պիտի ըլլան ցուցահանդէսին հիմնական ցուցադրասրահին մէջ: Ցուցահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ եւ Կիրակի, Փետրուար 13-14ին, Լոս Անճելըսի Համագումարներու կեդրոնին (Convention Center) մէջ, առիթ պիտի ըլլայ հայկական զոյգ հանրապետութիւնները ծանօթացնելու ակնկալուող աւելի քան 50,000 այցելուներուն:
Այս մասնակցութիւնը կարելի եղած է ապահովել շնորհիւ Կլենտէյլ հաստատուած Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակին, Երեւան հաստատուած Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման կազմակերպութեան եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին համատեղ ջանքերով:
Ցուցահանդէսի զոյգ օրերուն, կ.ա. ժամը 11:10ին, հայկական պարը եւս պիտի ներկայացուի «Global Beat» բեմին վրայ, «Գէորգեան» պարի դպրոցին սաներուն կողմէ:
Նաեւ, Շաբաթ օր, կ.ե. ժամը 3:30ին, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նուիրուած աշխատանիստ մը տեղի պիտի ունենայ՝ ընկերակցութեամբ սահիկներու ցուցադրութեան:
Սահիկներու այլ ցուցադրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ՝ Հայաստանի զբօսաշրջային մարզին զարկ տալու նպատակով հրապարակ բերուած «Բարի եկար Հայաստան» (Welcome to Armenia) զբօսաշրջային ծրագրին մասին, Մէթիու Քարանեանի եւ Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ, որոնք Հայաստանի նուիրուած ճամբորդական առաջին ուղեցոյցը՝ «The Stone Garden: Armenia and Karabagh», պատրաստած էին:
Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակէն Զաւէն Գազազեան կը յայտնէ, թէ ցուցահանդէսը յոյժ կարեւոր է Հայաստանի եւ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան մարզերուն համար:
Իր կարգին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները զբօսաշրջութիւնը կը նկատեն երկրի տնտեսական զարգացման նպաստող կարեւորագոյն մարզերէն մէկը՝ զայն զարգացնելու համար երկարամեայ ծրագիր մը որդեգրելով: Ան յոյս կը յայտնէ, թէ ցուցահանդէսին շնորհիւ, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ:
2009ին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը 650,000ի հասած էր, ինչ որ տասնամեակ մը առաջ Հայաստան այցելողներուն թիւին տասնապատիկն է: Իշխանութիւնները կը յուսան այս թիւը աւելի քան մէկ միլիոնի հասցնել մինչեւ 2020:
Ցուցահանդէսին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ «Լեւոն թրեվըլ» եւ «Սայտոն թրեվըլ» ճամբորդական գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտներ կազմակերպող այլ ընկերութեանց ներկայացուցիչները:
Ցուցահանդէսը բաց է առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 5: Հասցէն է՝ 1201 S. Figueroa St., Los Angelos: Մուտքի սակն է 10 տոլար, իսկ 16 տարեկանէն փոքր երեխաներուն մուտքը՝ ձրի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://events.latimes.com/travelshow համացանցային կայքէջը: