ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Փետրուար 5ին, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանի տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արամ սրբազան անդրադարձաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ իր մասին հրատարակուած լայնածաւալ գրութիւններուն ու հեռաձայնային խօսակցութիւններուն, որոնց մէջ կը պատմուէին, թէ ան մօտաւորապէս 19 տարի առաջ, սեփական ջանքերով երեւան հանած էր Թարապիոյ մէջ Յակոբեան ընտանիքի պատկանող շատ թանկագին կալուածները, որոնք պետութեան կողմէ գրաւուած էին սեփականատէրերուն բացակայութեան պատճառաւ։ Արամ սրբազան պրպ-տումներ ըրած էր, ընտանիքը գտած էր, Յակոբեան անուն անձը հրաւիրած էր տէր կանգներու իր կալուածին, փաստաբան մը ապահոված էր, սկսած էր դատական հետապնդումը, բայց Արամ սրբազանն ալ, իր կարգին, պահանջած էր 13 առ հարիւր բաժին, եթէ շահուած այդ կալուածը վաճառուէր։ Այդ համեմատութիւնն ալ առաջարկուած էր փաստաբանին կողմէ։ «Ակօս» բաւական ծանր հրատարակութիւն ըրած էր, խօսեցուցած էր Յակոբեանի ժառանգորդ՝ Ակնէս Պարոնեանը, որ կը մերժէր Արամ սրբազանին խոստացուած գումարը յանձնել, կը թաքցնէր կալուածին մէկ մասին ծախուած ըլլալը։ «Ակօս» հեռաձայնով կը խօսէր նաեւ Արամ սրբազանին հետ, որ չէր թաքցներ եղած համաձայնութիւնը ու կը յայտնէր, թէ ըստ իրեն, շատ բնական էր, որ ինք ալ նուէր մը ստանար իր կատարած աշխատանքին ու շահեցուցած խոշոր կալուածին համար։ «Ակօս» հարց կու տար, թէ՝ բնակա՞ն է, որ հոգեւորական մը միջնորդչէք մը պահանջէ նման աշխատանքի համար։
Արամ սրբազան իր ընդվզումը արտայայտեց այս հրատարակութեան դէմ՝ ըսելով, որ թէեւ այս բոլորը սուտ չէին, բայց ներկայացնելու ձեւը, մանաւանդ այս լուրին՝ այսպիսի ժամանակի մը մէջ հրապարակումը սխալ ու անիրաւ արարք էր։ Արամ սրբազան դիտել տուաւ, որ այդ աշխատանքը կապ չունէր պատրիարքարանի տոմարներուն հետ, եւ արդէն խօսակցութիւնները պատրիարքարանին մէջ կատարուած չէին. ինք Ամերիկա ու զանազան երկիրներու մէջ իր ծանօթներուն ու ազգականներուն միջոցաւ երկար որոնումներ ըրած էր եւ վերջապէս գտած էր Յակոբեանը, որ ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ «Յակոբեան» յարկաբաժնի բարերարը։ Յակոբեան, Արամ սրբազանի այս յաջող առաքելութենէն ետք, ինքն էր, որ պայման դրած էր, որ Արամ սրբազանին ալ վարձատրութիւն տրուի, ինչպէս նաեւ կալուածին վաճառքէն բաժին հանուի նոյնպէս հիւանդանոցին ու եկեղեցիներուն։ Այժմ Յակոբեան մեռած է, բայց անոր աղջիկը կ՛ուրանայ հօրը ստորագրած համաձայնագիրը:
Արամ սրբազան յայտնեց, որ ինք ծայր աստիճան անիրաւուած է ու հիմա արդարութիւն կը պահանջէ իրեն դէմ այս գրուածներուն համար։ Ան հարց կու տար նաեւ, թէ՝ նախընտրական այս շրջանին ինչո՞ւ բոլոր թեկնածուներէն ինք յատկապէս թիրախ դարձած էր այսպիսի հրատարակութեան մը, երբ այս հարցը արդէն շատերուն ծանօթ հարց էր, երկար տարիներէ ի վեր։
Իր կարգին, «Ժամանակ»ի խմբագիր Արա Գոչունեանը դիտել տուաւ, որ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ ներկայ գտնուէին նաեւ «Ակօս»ի խմբագիրները, սակայն սրբազանը պատասխանեց, որ ինք անիրաւուած է ու չէ կրցած նաեւ կապ հաստատել «Ակօս»ի մէջ այդ լուրերը հրատարակող խմբագիրներուն հետ, որոնք կա՛մ բացակայ եղած են, կա՛մ բազմազբաղ եղած են ու չեն ուզած մտիկ ընել իրեն։ Արամ սրբազան դիտել տուաւ, որ «Ակօս»ի հրատարակութիւնը յետին նպատակ կը հետապնդէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.