Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Կարմիր գնդիկներու համատեղելիութիւնը կը տեսնուի արեան ABO հետեւեալ խմբաւորումներու միջեւ՝
AB խմբաւորումով ստացողի եւ O, A, B, AB խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
B խմբաւորումով ստացողի եւ O, B խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
A խմբաւորումով ստացողի եւ O, A խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
O խմբաւորումով ստացողի եւ O խմբաւորումով նուիրատուի միջեւ.
Ընդհանրապէս նուիրատուն եւ ստացողը ունենալու են նոյն խմբաւորումը, սակայն շտապ պարագաներուն ուր կարելի չըլլար կատարել արեան խմբաւորումի քննութիւնը, հիւանդին կը փոխներարկուի ORh- արիւն:
Rh- անձեր կը կոչուին ընդհանրական տուող-նուիրատուներ (universal donors).
Rh+ անձեր կը կոչուին ընդհանրական ստացողներ (universal recipients).
Rh+ անձ մը կրնայ արիւն տալ Rh+ անձի մը.
Rh+ անձ մը չի կրնար արիւն տալ Rh- անձի մը.
Rh- անձ մը կրնայ արիւ տալ Rh- անձի մը.
Rh- անձ մը կրնայ արիւն տալ Rh+ անձի մը.
Rh- արիւն ունեցող հիւանդը ստանալու է Rh- նուիրատու արիւն.
Rh+ արիւն ունեցող հիւանդը ստանալու է Rh+ եւ կամ Rh- նուիրատու արիւն:
Rh- հիւանդ մը, որ բնաւ հակամարմիններ չունի իր արիւանահեղուկին մէջ, կրնայ ստանալ առաջին անգամ Rh+ արիւն ընդհանարապէս անվտանգ, սակայն ան իր արեան մէջ կը զարգացնէ հակամարմիններ Rh հակածիներուն դէմ. երբ ան երկրորդ անգամ Rh+ արիւն ստանայ կ՛ունենայ փոխներարկումի հակադարձութիւն, այսինքն՝ արիւնալուծում (hemolysis): Հետեւաբար Rh- յղի կիներ բնաւ պէտք չէ ստանան Rh+ արեան փոխներարկում: Անոնք ստանալու են միայն Rh- արեան փոխներարկում:
Rh- յղի կին մը, որուն ամուսինը Rh+ է, կրնայ ունենալ Rh+ եւ կամ Rh- սաղմ. Առաջին յղութեան այս կինը իր Rh+ սաղմին հետ ընդհանրապէս կը գոյակցի բնականօրէն եւ իր արիւնահեղուկին մէջ կը զարգացնէ հակամարմիններ սաղմի Rh+ հակածիներուն դէմ: Յաջորդ յղութեան երբ սաղմը Rh+ ըլլայ, այս Rh- յղի կնկան Rh+ հակամարմինները կը վնասեն Rh+ սաղմին եւ կը յառաջացնեն արիւնալուծում:
Rh- յղի կիներ եւ անձեր բնաւ ստանալու չեն RH+ արիւն, այլ ընդհակառակը ստանալու են միայն Rh+ արիւն:
Ապահով արեան փոխներարկում կը կատարուի վերի տախտակներու համաձայն՝
Փոխներարկումի ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Գերզգայնութեան պարզ նշաններ՝ քերուըտուք եւ մորթի կարմրութիւն.
2. æերմ եւ դող.
3. Գլխացաւ եւ քրտինք.
4. Հակամարմիններու յայտնաբերում եւ կարմիր գնդիկներու փճացում.
5. Շնչարական դժուարութիւն.
6. Սուր արիւնալուծային հակազդեցութիւն. ինչպէս նաեւ երիկամներու աշխատանքի ձախողանք եւ ծայրագոյն պարագաներուն մահ: Անհամատեղելիութեան պարագային փոխներարկումը կը կասեցուի շուտով եւ կ՛ուսումնասիրուի անհամատեղելիութեան պատճառները:
Արեան համատեղելիութեան քննութիւնը արիւն ստացողի եւ տուողի միջեւ խիստ կարեւոր է հեռու մնալու համար վերոյիշեալ բարդութիւններէն:
Մեծ քանակութեամբ արեան փոխներարկումը մէկ օրուայ ընթացքին կը յառաջացնէ որոշ հիւանդագին եւ անհաճոյ երեւոյթներ՝ զարկերակային ճնշումի նուազում, ենթաջերմութիւն եւ կիրի նուազում:
Շնորհիւ բժշկական աչալուրջ հսկողութեան եւ մանրակրկիտ քննութեան որդեգրումին՝ AIDSի, HIVի եւ լէարդաբորբի պատահականութիւնը շատ հազուագիւտ են արեան փոխներարկումէ ետք:
(Շար. 2 եւ վերջ)