ԼՈՆՏՈՆ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 10ին, Հայաստանի «Երեւան իմ սէր» ու Սկովտիոյ «Տամֆրիզ հաուս» ծրագիրներուն համար դրամահաւաքի պատմական երգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Բրիտանիոյ թագաւորական Ուինծըր դղեակին մէջ, հիւրընկալութեամբ Կալեսի Չարլզ իշխանի եւ փրոֆ. Արմէն Սարգիսեանի:
Հայաստանի նախկին վարչապետ, փրոֆ. Արմէն Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ զոյգ ծրագիրներուն նպատակն է՝ վերաշխուժացնել քաղաքային տարածքները, միաժամանակ պաշտպանելով շրջաններուն մշակութային ժառանգութիւնը: Սարգսեան այս նպատակներուն հասնելու համար մօտէն կը գործակցի Չարլզ իշխանին հետ՝ Բրիտանիա-Հայաստան յարաբերութեանց պատմութեան մէջ այս յատկանշական ու աննախընթաց էջը գրելով:
Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան շարք մը երկիրներու ներկայ եւ անցեալի ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ քաղաքական, մշակութային եւ քաղաքային դէմքեր: Հայաստանէն պիտի ըլլան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանն ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Երգահանդէսին պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ խմբավար Վալերի Կերկիեւ, երգչուհի Տարիկա Նազարպաեւա, ջութակահար Միքայէլ Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հայաստանի Ազգային երիտասարդական նուագախումբի խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի:
«Երեւան իմ սէր» ծրագրին նպատակն է վերականգնել Երեւանի պատմական շրջանները, պահպանելու համար անոր երեք հազարամեայ պատմութիւնը, միաժամանակ զանոնք դարձնելով արդի քաղաքին աշխոյժ թաղամասերը: Ծրագիրը նաեւ ունի ընկերային երես մը, որուն շնորհիւ կազմակերպիչները պիտի փորձեն երեխաներու եւ յատկապէս որբերու ու չքաւորներու կեանքին մակարդակը բարելաւել:
Այս առումով, առայժմ նկատի առնուած են Երեւանի Կոնդ ու կեդրոնական շրջաններու մէջ գտնուող երկուքական տարածքներ: Վերակառուցուող շէնքերէն մէկը պիտի ըլլայ խուլերու եւ համրերու յատուկ նախակրթարան մը եւ երիտասարդական կեդրոն մը, իսկ երկրորդ շէնքը պիտի տրամադրուի անամուսին կանանց ու երեխաներու: Մնացեալ երկու կառոյցները պիտի տրամադրուին որբերու եւ չքաւորներու երաժշտանոց մը մէջտեղ բերելու նպատակին: Երաժշտանոցը պիտի ղեկավարէ աշխարհահռչակ դուդուկահար æիւան Գասպարեանը:
Իսկ «Տամֆրիզ հաուս» ծրագրին նպատակն է՝ վերականգնել 1750ական թուականներուն Սկովտիոյ մէջ կառուցուած խնդրոյ առարկայ կառոյցը, զայն վերածելով զբօսաշրջային կեդրոնի մը: Կազմակերպիչները կը յուսան, որ այս ծրագրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն պահպանել պատմական մեծ կարեւորութիոն ունեցող այդ կառոյցը, այլ նաեւ բարելաւել հարաւարեւմտեան Սկովտիոյ մէջ գտնուող այդ շրջանի ընկերատնտեսական վիճակը: