ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Նամըք Թանի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը՝ կը յայտնէ, թէ անոր յարձակողապաշտ ոճը կը փաստէ, թէ Անգարայի առաջ մղած «արձանագրութեանց ծրագիրը» ձախողած է: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Անգարայի հիմնական մտադրութիւնն էր խաբանել թէ՛ Ամերիկայի մէջ եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ յիշատակման հարցին ուղղութեամբ զարգացող գործընթացը։
Նամըք Թան յայտարարած էր, թէ ինչպէս այս տարուան Ապրիլին, այնպէս եւս ապագային, Անգարա չ՛ակնկալեր, որ ամերիկեան քոնկրեսին մէջ վաւերացուի Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող որեւէ բանաձեւ։ Ան նաեւ զգուշացուցած էր, թէ նման բանաձեւեր «ուղղակի պիտի հարուածեն Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման ուղղուած աշխատանքին ու պիտի արգելակեն այդ ուղղութեամբ բոլոր ջանքերը»։