ՄԱՐԱԼ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Հայ օգնութեան միութեան Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները 2010 տարուան շեմին հաւաքուած էին տէր եւ տիկ. Կարպիս եւ Նովա Հինտոյեաններու յարկին տակ՝ դիմաւորելու Նոր տարին եւ տօնելու Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը։
Տարի մը, որ յատկանշական է իւրաքանչիւր ՀՕՄուհիի համար՝ իբրեւ «Հայ կնոջ տարի». տարի մը, որ առաջին դարադարձն է այս հսկայ կանացի բարեսիրական կազմակերպութեան. տարի մը, երբ 26 երկիրներու մէջ, ՀՕՄի մեծ ընտանիքը շքեղօրէն պիտի տօնէ դար մը ամբողջ, անընդհատ ու անսակարկ ծառայութիւնը՝ «Ժողովուրդէս՝ Ժողովուրդիս» նշանաբանով։
Դեկտեմբեր 22, 2009, Երեքշաբթի իրիկուն եթերային մթնոլորտ մը կը տիրապետէր գեղեցկօրէն զարդարուած Հինտոյեաններու բնակարանէն ներս։ Ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ անդամ Նովա Հինտոյեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան եւ լրիւ կազմը, ընկերուհիներ՝ զանազան տեղական մասնաճիւղերէ, նաեւ հեռաւոր Լեբանանէն ու Պաղեստինէն։
Մարալ Մաթոսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք մեծ հաճոյքով ընդառաջած էին հրաւէրին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ընտանիքին, որ աւանդութիւն դարձուցած այս հաւաքոյթով, տարուէ տարի նեցուկ կը կանգնի «Սօսէ» մասնաճիւղին։ Ան բացատրեց, թէ սոյն երեկոյին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի 100ամեակի գիրքի տպագրման ծրագրին։ Բաժակները բարձրացնելով ներկաները կենաց խմեցին ՀՕՄի սրբազան առաքելութեան, որ 100 երկար տարիներ բարձր պահեց հայրենասիրական, մարդասիրական եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման իր սրբազան ուխտը՝ օգնութեան հասնելով իր ժողովուրդի աղէտեալներուն, որբերուն, այրիներուն, հիւանդներուն, վիրաւորներուն ու ազատամարտիկներուն, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք՝ Հայաստան, Արցախ թէ Սփիւռք։
Նովա Հինտոյեան, իր կարգին, բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ ՀՕՄի դար մը ամբողջ ծառայութիւնը յատկանշող ձեռնարկներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 2010 տարուան ընթացքին, սկսեալ Նիւ Եորք քաղաքէն, մինչեւ Տէր Զօր ու Հայաստան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Սօսէ» մասնաճիւղին, որ ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութեան խնդրանքին՝ որոշեց սոյն երեկոյին հասոյթը նուիրել 100ամեակին։
Վարուհի Շահինեան ազգային, ժողովրդական եւ Ծննդեան երգերով խանդավառեց ներկաները, երգեհոնի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Արմէն Պապայեանի եւ Սօնա Պատալեանի։
Ընթրիքէն ետք Կաղանդ Պապուկի անակնկալ այցելութիւնը կրկնակի խանդավառութիւն ստեղծեց. ընկերուհիներ երգերով եւ պարերով առաւել համեմեցին խրախճանքը։ Եղան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն։
Սօսի Փօլատեան, շնորհաւորելով ՀՕՄի առաջին դարադարձը՝ Շրջանային վարչութեան անունով ծննդեան եւ ամանորեան մաղթանքներ փոխանցեց ներկաներուն։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանը։ Ընկերուհին անդրադարձաւ 35ամեայ «Սօսէ» մասնաճիւղի նիւթական եւ բարոյական գործօն մասնակցութեան, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մանաւանդ Հինտոյեան ընտանիքին, որ յաճախ իր դռները լայն բանալով յենարան է ազգանուէր գործունէութեան, ու մաղթեց որ Նոր տարին բազմապատկէ ՀՕՄի շարքերը եւ ան դարեր գոյատեւէ՝ յանուն հայ ազգի բարգաւաճման։
Ուշ գիշերին ներկաները բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուին իրարու՝ անգամ մը եւս նորոգելով ՀՕՄի սրբազան ուխտը։
***
«Սօսէ» վարժարանի Ամանորեան հանդէսը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, Փասատինայի «Վէպսդըր» վարժարանին մէջ։ Փոքրիկներու կողքին ներկայ էին ծնողներ, մեծ մայրիկներ եւ մեծ հայրիկներ, հարազատներ եւ ՀՕՄուհիներ։
Մէրի Աղոյեան՝ «Սօսէ» վարժարանի պատասխանատուն, շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա, 29 աշակերտներ ներկայացուցին գեղեցիկ ու կոկիկ յայտագիր մը՝ հայկական պարերով, երգերով եւ արտասանութիւններով, որուն յաջորդեց աւանդութիւն դարձած Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը։
Շնորհակալական խօսք ունինք Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանի, որ կարելի դարձուց վարչութեան անունով կաղանդչէքեր եւ նուէրներ բաժնել աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնին, նաեւ ծաղկեփունջեր՝ չորս օժանդակ ընկերուհիներուն, որոնք անխոնջ կը հետեւին դպրոցի բոլոր ծրագիրներուն։
Յայտագրի աւարտին եղաւ հիւրասիրութիւն։