«ԱՐՑԱԽ», «ՓանԱրմինեըն».- ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի պետական համալսարանի, «Կաճառ» Գիտական կեդրոնի եւ Շուշի քաղաքի պատմաերկրագիտական թանգարանի համատեղ կազմակերպութեամբ, Շուշիի 1920 Մարտ 23ի ողբերգութեան 90ամեայ, եւ Պաքուի ջարդերու 20ամեայ տարելիցներուն առիթով, Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ատրպէյճանի պետական ահաբեկչութիւնն ու էթնիկական զտումների քաղաքականութիւնը» խորագրեալ միջազգային գիտական համաժողովը, որուն նպատակն է՝ պարզել եւ գիտականօրէն հիմնաւորել անցեալի սխալներուն պատճառները, առաջարկել ահաբեկչութեան ու էթնիկական զտումներու քաղաքականութեան կանխման ճանապարհներ եւ քաղաքական գնահատական տալ 20րդ դարու Ատրպէյճանի իրագործած էթնիկական զտումներուն՝ Գանձակի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Անդրկովկասի այլ շրջաններու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.