ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Անթիլիասի մէջ իրենց ժողովը գումարող Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աստուածաբան ժողովականներուն, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, Պաապտայի նախագահական ապարանքին մէջ:
Վեհափառ հայրապետը, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հիւրընկալուած աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովին բնոյթն ու հեռանկարները՝ զայն նկատեց քրիստոնէական կեանքի առաւել աշխուժացման ու հաւատքի արծարծման առիթ: Նաեւ, ան շեշտեց, թէ նման հանդիպումներ քրիստոնէական տարբեր եկեղեցական ընտանիքներու միջեւ, պատճառ կը հանդիսանան եկեղեցւոյ ու ժողովուրդներու միջեւ սիրոյ, համերաշխութեան ու գործակցութեան ծաղկումին:
Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Լիբանանի համախոհական կառավարութեան ընտրութեան համար, ամբողջական յոյս յայտնելով յառաջիկայ շրջանին Լիբանանը քաղաքականապէս ու տնտեսապէս ամուր հիմերու վրայ դրուած տեսնելու:
Հանրապետութեան նախագահը, ողջունելէ ետք բարձրաստիճան հիւրերը, անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տարբեր համայնքներու գոյակցութեան եւ քրիստոնէական ներկայութեան: Նախագահ Սլէյման նաեւ Լիբանանի ներքին կեանքին ու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի քաղաքական կեանքին մասին ընդհանուր վերլուծում մը կատարեց՝ ցոյց տալով այն ճիգը, զոր պետութիւնը կը կատարէ՝ ապահովելու համար խաղաղութիւնը եւ տնտեսական ճգնաժամի բարելաւումը: