(Ընկեր Մուկուչի Յիշատակին՝ Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տարի մը առաջ, Յունուար 22ին, Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր հաւատաւոր, նուիրեալ ու արժանաւոր գործիչներէն ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ ընկերական մեր շրջանակին, համակիրներուն թէ ընդհանրապէս հանրութեան ծանօթ էր պարզ ու վճիտ «ընկեր Մուկու»չ անունով։
Մարտական եւ կազմակերպական ծառայութեան ու պատասխանատուութեան երկար ճամբայ կտրած, հարուստ կենսափորձ կուտակած «հին ոսկոր» էր ընկեր Մուկուչ։ Այդպէս էր բնորոշած զինք ընկեր Հրայրը 1990ին, երբ առաջին անգամ ըլլալով Լոս Անճելըս կը մեկնէի Աթէնքէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ատենի ներկայացուցիչը կը յանձնարարէր ինծի, որ անպայման տեսնուիմ եւ անձամբ ճանչնամ մինչ այդ միայն անունով ինծի ծանօթ որոշակի ընկերներ։
Այսօրուան պէս կը յիշեմ ընկեր Հրայրի յանձնարարութիւնը. «Տեսնուիր Մուկուչին հետ եւ ասա՛, որ զինք մոռացած չենք. Արցախը պէտք ունի Դաշնակցութեան եւ Մուկուչի փորձառութեամբ տղերքը դեռ շատ անելիք ունեն. թող պինդ մնայ»…
Թէեւ բաւականաչափ պատրաստուած էի «մարտական» դաշնակցականի կարծր տիպար մը դիմագրաւելու, բայց ընկեր Մուկուչը, առաջին տպաւորութեամբ, սպասածէս շատ աւելի խստաբիբ հայեացքով դիմաւորեց զիս։ Հազիւ երկու ժամ տեւած էր մեր առաջին հանդիպումը, բայց կէս ժամուան խօսակցութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի ընկեր Մուկուչ մէկ կողմ դնէ ընդհանրապէս գրքունակ եւ այդ կարգի «մտաւորական» դաշնակցականներու նկատմամբ իր խորարմատ վերապահութիւնը։ Վստահաբար իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցաւ Բիւրոյի ընկեր ներկայացուցիչին կողմէ յանձնարարուած պատգամին փոխանցումը, բայց նոյնքան – եթէ ոչ աւելիով – դրական անդրադարձ ունեցաւ իր՝ ընկեր Մուկուչի ողջ էութիւնը զսպանակող դաշնակցականի նկարագրային կարեւոր մէկ առանձնայատկութիւնը, որ «Դաշնակցութեան զինուորը» մարմնաւորելու յանձնառութենէն ու արժանաւորութենէն կը բխէր։
Իրաւամբ «Դաշնակցութեան զինուոր»ն էր ընկեր Մուկուչ ու որքան տարիները թաւալեցան եւ որքան ընկերական մեր մտերմութիւնը ամրապնդուեցաւ ու ընկեր Մուկուչի կերպարին մօտէն ծանօթացայ, այնքան պարզ դարձաւ եւ պայծառացաւ խորհուրդը Դաշնակցութեան Զինուորին, որուն ինքնատիպ մարմնաւորումներէն եղաւ հանգուցեալ մեր ընկերը։
Խօսքը կը վերաբերի «Զինուոր» բառեզրի անմիջական իմաստէն անդին անցնող եւ բոլոր լեզուներու մէջ ալ նուիրագործուած «զինեալ պաշտպանի եւ արթուն պահակ»ի մեծ հասկացութեան։
Այդպիսի՛ն էր ընկեր Մուկուչը՝ Դաշնակցութիւնը իբրեւ ազգային հիմնական արժէք դաւանելու եւ անոր արթուն պահակ կանգնելու իր մտածողութեամբ, հաւատքով ու յանձնառութեամբ։
Ինչպէս ինք կը սիրէր տեւաբար շեշտել, բախտը ունեցած էր դաշնակցականի իր խմորը կազմաւորելու ԴՐՕի «դպրոց»ին մէջ՝ անոր վերջին տարիներու ընկերակիցն ու գործակիցը ըլլալով։ Ընկեր Մուկուչի աչքին՝ ԴՐՕն շատ աւելին էր գաղափարի մարտիկ, աննկուն ահաբեկիչ, քաղաքական–ռազմական գործիչ եւ դաշնակցական ղեկավար Դրաստամատ Կանայեանէն։ Նոյնինքն ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը, ընկեր Մուկուչի եւ իրեն պէս մտածող դաշնակցականներու աչքին, իր ամէնէն առնական եւ յանդուգն մարմնաւորումը գտած էր ԴՐՕ կերպարին մէջ…
Եւ «Դաշնակցութեան Զինուոր»ի իտէալական կերպաւորումն էր ԴՐՕ։
Եւ պէտք էր տեսնել ընկեր Մուկուչի պատանեկան յուզումն ու հպարտութիւնը 2000ին, երբ Դրոյի աճիւնները Հայաստան փոխադրող պատուիրակութեան կազմին մէջ եկաւ Երեւան եւ, իր այդ առաջին ու միակ այցելութեան ընթացքին, անձամբ հաստատեց, որ հայրենի հողն ու մեր ժողովուրդը ինչպիսի՛ պաշտամունքով կը պահպանեն յիշատակն ու աւանդը «մրրկածին» Դրոյի։
Եւ ինչպէ՜ս չհպարտանար ընկեր Մուկուչ, որուն համար գերագոյն ճշմարտութեանց շարքին մէջ անզուգական տեղ ունէր 1950ականներուն Պէյրութ, սինեմա Րիվոլիի բեմէն Դրոյի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «Դաշնակցութիւնը առնականութիւն տուեց հայ ժողովուրդին»…
Իր կարգին ընկեր Մուկուչ ունէր դաշնակցական մարտիկի եւ զինուոր դաշնակցականի էական բոլոր յատկանիշները։ Խիզախ էր ու խրոխտ. ինքնավստահ եւ համարձակ. քաջարի ու յարձակունակ։ Անսակարկ զոհաբերող էր ու անձնուրաց՝ սեփական եւ ընտանեկան կեանքի պարտաւորութիւններէն վեր դասելով ազգային ու կուսակցական հրամայականները։ Կարգապահ էր ու հրահանգը կ՛ընդունէր իբրեւ սրբութիւն։ Եւ ծայր աստիճան կոպիտ ու աններող կը դառնար նոյնիսկ իր մտերիմներուն նկատմամբ, եթէ Դաշնակցութեան կամքին եւ որոշումին չանսային իրենց բոլոր ուժերով ու ամբողջական զոհաբերումի պատրաստակամութեամբ։
Միաժամանակ կատաղի հակառակորդ էր «Զինուոր»ը իբրեւ կոյր գործիք կամ անդիմագիծ կամակատար ըմբռնող մտայնութեանց։ Դաշնակցութեան կամքին եւ որոշումին գործադրութիւնը իբրեւ սրբութիւն ընկալող եւ իրականացնող «Զինուոր»ի հասկացողութեամբ ապրեցաւ ու գործեց։ Բնաւ չհամակերպեցաւ եւ չհաշտուեցաւ թէկուզ իր գործադրած այն որոշումներուն հետ, որոնք իր համոզումով սխալ էին կամ դաշնակցական աւանդներուն համպատասխան չէին։ Դաշնակցականի կարգապահութեամբ նախ գործադրեց, ապա՝ բողոքեց եւ բոլոր ուժերով պայքարեցաւ անոնց սրբագրութեան համար։
Աւելի՛ն. Դաշնակցութեան զինեալ պաշտպանն ու արթուն պահակը ըլլալու «Զինուոր»ի իր յանձնառութեամբ՝ եղաւ նախաձեռնող ու յանդուգն քայլեր նետող դաշնակցական մը։ Պատասխանատու մարմիններու կամ ընկերներու ժողովական կաշկանդումներուն բնազդային հոտառութիւնը ունէր եւ անվարան գործի կ՛անցնէր՝ ինքնագլուխ իր քայլերուն համար պատրաստ գտնուելով կարգապահական տնօրինումներու. եւ հազուադէպօրէն կը սխալէր իր հոտառութեան մէջ։
Իրապէս ԴՐՕ դպրոցին մէջ կազմաւորուած դաշնակցականի կերպարն էր ընկեր Մուկուչ, որ յատկապէս վերջին տասնամեակին, ծխելու հետեւանք շնչառական իր հիւանդութեան շրջանին, շարունակ ներքին զրոյցի մէջ էր իր մեծ ուսուցիչին հետ՝ Անոր կը զեկուցէր Դաշնակցութեան ներկայ վիճակին, փայլուն եւ դժգոյն երեսներուն մասին եւ Անորմէ կը ստանար վերանորոգ հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը, որպէսզի իրեն աշակերտած տղոց մէջ միշտ պինդ պահէր Դաշնակցութեան հանդէպ եւ, Դաշնակցութեան ճամբով, հայ ժողովուրդին մարտունակութեան նկատմամբ անխախտ հաւատքի սիւները եւ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը։
Իր յիշատակի ոգեկոչման այս հակիրճ վկայութիւնը կ՛արժէ եզրափակել «ընկեր Դրօ»ի հետ Մուկուչի անվերջ երկխօսութեան վերջին դրուագի վերյուշով։ Իր մահէն ամիս մը առաջ, 2008ի Դեկտեմբերին, գիշերուան մը ուշ ժամերուն հեռաձայնեց Աթէնք՝ ըսելու համար, որ «կը կանչէ, պէտք է երթամ»…
Եւ գնա՜ց անդարձ։
Ի՞նչ կը զրուցեն արդեօք հիմա Դաշնակցութեան Զինուորի աւանդը ապրողներուս թողած մեծ Ուսուցիչն ու իր արժանաւոր «բալիկ»ը, ինչպէս որ Դրօ կը սիրէր անուանել իր ձեռնասունները։