ԼՈՆՏՈՆ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուրբաթ, Յունուար 29ին կրկնեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին մէջ շարք մը կէտեր գործընթացի հիմնական գաղափարին դէմ են եւ սահմանափակումներ կը պարտադրեն արձանագրութեան վրայ:

Նախարարը պնդեց, թէ Հայաստանի ներքին հարցերը պէտք չէ իրենց ազդեցութիւնը ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին վրայ:
Տաւութօղլու աւելցուց, թէ ան Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, Հինգշաբթի օր արծարծած է Թուրքիոյ մտահոգութիւնները մանրամասնօրէն, պահանջելով, որ դատարանին որոշումով գոյացած անորոշութիւնները վերցուին:
«Այս դժուար գործընթացը առաջ մղելու նպատակով, Նալբանդեանի հետ աշխատեցանք տարբեր հանգրուաններու ընթացքին: Կան տարակարծութիւններ, սակայն մեզ մինչեւ հոս հասցուցած գործընթացը պէտք չէ վնասուի անոնց պատճառով», ըսաւ թուրք նախարարը՝ աւելցնելով, թէ գործընթացը առաջ մղելու նպատակով հարկաւոր է քաղաքական կամք:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Հինգշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք խոստացան շարունակել խորհրդակցութինները, սակայն Ուրբաթ օր, Երեւանի կողմէ հերքուեցան թրքական մամուլին մէջ տարաձայնուած այն տեղեկութիւնները, թէ՝ երկու նախարարներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ, Միւնիխի մէջ:
Տաւութօղլու Լոնտոնի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ:
Katchasird hayouhhine hartsoum’e géghdz “PHD” ine
gartal “marmar”i metch
Imasdoun khosge gese ARAK VAZOGHE SHOUD GE HOKNI mer tavajaneroon
yev shoon turkeroon arak kortseloo artyounken er yev anbayman bidi tzakhoghi,
artaroutyoune mishd veh yeghats ae, esgispen shenorhiv HO.HE.TA.ein yev
Hye Azke Ashkharhi polor tsakeren VOTCH esin yev minchev ays ores gesen,
HANTOOKN mer 2 tavajanere hamartzak oren chen gernal esel VOTCH.
Turkin gesbasek irenk tzer goghme esen VOTCH,ST Bedg er votch eser pays
ISHKHAN ek djshoom panetsootz ST yev entooneli hamaretsin vor A ZH in
nergayatsvi, AMOT AZAR AMOT KONE AVELIYOV KHAYDARAG MILAK,
VOYEVE OUZHEGH BEDOUTYOUN E OKOOD CHIKA.
ODARE MEZI FAYDA CHOONI
Imasdoun khosge gese ARAK VAZOGHE SHOUD GE HOKNI mer tavajaneroon
yev shoon turkeroon arak kortseloo artyounken er yev anbayman bidi tzakhoghi,
artaroutyoune mishd veh yeghats ae, esgispen shenorhiv HO.HE.TA.ein yev
Hye Azke Ashkharhi polor tsakeren VOTCH esin yev minchev ays ores gesen,
HANTOOKN mer 2 tavajanere hamartzak oren chen gernal esel VOTCH.
Turkin gesbasek irenk tzer goghme esen VOTCH,ST Bedg er votch eser pays
ISHKHANERE djenshoom panetsootz ST yev entooneli hamaretsin vor A ZH in
nergayatsvi, AMOT AZAR AMOT KONE AVELIYOV KHAYDARAG MILAK,
VOYEVE OUZHEGH BEDOUTYOUN E OKOOD CHIKA.
ODARE MEZI FAYDA CHOONI