ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ», «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուչեհր Մոթթաքիի մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին կնքուեցաւ փոխգործակցութեան համաձայնագիր մը՝ երեք մեծ ծրագիրներու շուրջ:
Երկու երկիրներուն միջեւ երեք տնտեսական ծրագիրներն են՝ Մեղրիի ջրելեկտրակայանի, Հայաստան-Իրան երկաթուղային ճանապարհի եւ կազամթերք տեղափոխող խողովակաշարի շինարարութիւնները։
Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Մոթթաքին ու ողջունած անոր այցելութիւնը Հայաստան։
«Դուք լաւ գիտէք, թէ մենք ինչպիսի կարեւորութիւն ենք տալիս Իրանի Իսլամական հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններին. գիտէք, որ մենք ձեզ ընկալում ենք որպէս վստահելի գործընկեր եւ տարածաշրջանում առանցքային նշանակութիւն ունեցող երկիր: Ուստի, երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացումը, խորացումը բխում է մեր շահերից», յայտնած է Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեան եւ ընդգծած՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ բարձր մակարդակի երկխօսութեան եւ խորհրդատուութիւններուն կարեւորութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին գոհունակութիւն յայտնած է միջկառավարական յանձնաժողովի երեւանեան նիստին քննարկուած խնդիրներուն եւ կայացած որոշումներուն ուղղութեամբ, որոնք ուղղուած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ նախապէս ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութիւններու իրագործման:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական բազմաբովանդակ յարաբերութիւնները խորացնելու միտող առկայ քաղաքական կամքը, եւ նշուած է, թէ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն եւ զարգացման մեծ հեռանկարներ ունի:
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հայկական նախաձեռնութեան, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հրատապ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն ու հեռանկարներուն:
Նոյն օրը, Մանուչեհր Մոթթաքի հանդիպած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Անոնք գոհունակութեամբ նշած են, թէ պարբերական բարձր մակարդակի շփումներն ու փոխադարձ այցերը կը վկայեն Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր: Կողմերը նաեւ վստահութիւն յայտնած են Հայ-իրանական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 9րդ նիստի արդիւնաւէտ ըլլալուն ուղղութեամբ:
Նախարարները անդրադարձած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին ուղղութեամբ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու:
Eh, kaprenk-ktesnenk: