ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արձագանգելով ատրպեճանական «ԱՊԱ» գործակալութեան տարածած հարցազրոյցին՝ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեան յայտնած է, թէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նորընտիր նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու, իր կողմնակալ դիրքորոշումով չի կրնար դրական դերակատարութիւն ստանձնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:
Նշենք, որ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը հրապարակած է Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հարցազրոյցը, ուր թուրք խորհրդարանականին կը վերագրուին կողմնակալ գնահատականներ՝ կապուած ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հետ:
«ԱՊԱ» կայքէջին վրայ զետեղուած նիւթին համաձայն, ԵԽԽՎ նախագահը, մասնաւորապէս, փորձած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին գծով նախապայմաններ առաջադրել, նաեւ միակողմանի մեկնաբանութիւններ կատարած է ղարաբաղեան պատերազմի հետեւանքներուն մասին։
Խօսելով նշեալ արարքին մասին՝ Զոհրաբ Մնացականեան յայտնած է, թէ ինք վստահ չէ, որ անիկա կը համապատասխանէ իրականութեան: «Վստահ չեմ, որ «ԱՊԱ»ն գրել է՝ ինչպէս որ կայ: Բայց, եթէ իսկապէս դա համապատասխանում է իրականութեանը, ապա կարծում եմ, եւ բոլորս էլ հասկանում ենք դա, որ նման կողմնակալ դիրքորոշումը հանում է բոլոր հիմքերը ԵԽԽՎ նախագահի համար՝ դրական դեր խաղալու ղարաբաղեան կարգաւորման գործում», յայտնած է Զ. Մնացականեան, ըստ որուն, խնդիրը միջխորհրդարանական գործունէութեան տիրոյթին մէջ է եւ ԵԽԽՎի Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները արդէն իսկ քայլերու կը դիմեն՝ իրավիճակին հետ կապուած յստակացումներ կատարելու եւ համապատասխան գործողութիւններու ձեռնարկելու ուղղութեամբ: